2017-05-27 10:07:00

Ճենովայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ գործարարական ու բանուորական աշխարհին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 27 Մայիս 2017-ի առաւօտեան, Ճենովա ժամանելուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ գործարարական ու բանուորական աշխարհին հետ, պատասխանելով իրեն ուղղուած չորս հարցումներուն` գործարարի մը, անգործի մը, աշխատաւորներու ներկայացուցիչի մը ու բանուորի մը կողմէ։

Խօսքին սկիզբը Սրբազան Պապը յայտնեց թէ առաջին անգման է որ Ճենովա կու գայ եւ թէ` նաւահանգիստի մօտ գտնուելով, կը յիշէ թէ ինչպէս այս վայրէն է որ իր հայրը մեկնեցաւ դէպի Արժանթին ու թէ այս մէկը իրեն յուզմունք կը պատճառէ։  

''Այսօր աշխատանքը վտանգի մէջ է, եւ չի համապատասխաներ արժանապատուութեան պահանջին'', ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ աշխատանքը  մարդկային առաջնահերթութիւն է, առ այդ` է նաեւ քրիստոնէական առաջնահերթութիւն ու Քահանայապետի առաջնահերթութիւն։

''Առաջին պատուէրը զոր Աստուած տուաւ Ադամին ''գնա եւ հողը մշակէ''։ ''Եկեղեցին ու աշխատանքը միշտ մօտիկ եղած են'', յարեց Նորին Սրբութիւնը, ապա գնահատեց գործարարներու ստեղծագործ յանձնառումը,  հրաւիրելով գործարարները գիտակցելու բանուորներու ''առաքինութիւններուն'', հաստատելով թէ բանուորը լաւ կ՛աշխատի ոչ թէ դրամի ու շահի համար, այլ արժանապատուութեան համար, ու լաւ գործարարը պէտք է ճանչնայ իր բանուորները, աշխատելով անոնց հետ ու անոնց մօտ։ Ան ամենէն առաջ իր կարգին ըլլալու է բանուոր եւ եթէ ան չունի աշխատանքի արժանապատուութեան փորձառութիւնը, կարող չէ լաւ գործարար դառնալ - դիտել տուաւ Սրբազան Պապը - ընդգծելով թէ ''ոչ մէկ լաւ ու յառաջադէմ գործարար կը սիրէ իր  աշխատաւորները վտարել գործէն։ Այն որ իր հարցերը կը լուծէ վտարելով բանուորները` լաւ գործարար մը չէ, այլ առեւտրական մըն է։ Ան այսօր կը ծախէ իր մարդիկը ու վաղը` իր արժանապատուութիւնը - ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց. ''պէտք չէ շփոթել '' լաւ գործարարը, շահադէտին կամ վարձկանին հետ։ Վարձկանը կը շահագործէ իր գործատունն ու աշխատաւորները, մինչդեռ լաւ բարի ու վարպետ գործարարը մօտիկ է իր բանուորներուն ու տնտեսութիւնը  իր իսկական դիմագիծը երբ մօտիկ է աշխատաւորներուն։ Վարձկանի ետին չկան մարդկային դիմագիծեր այլ միայն թիւեր - ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով վախնալ  վարձկաններէն բայց ոչ լաւ գործարարէն։ Թէեւ, աւելցուց Ան, քաղաքական համակարգը կը թուի քաջալերել շահադէտները եւ ոչ թէ գործարարները, առաջիններուն թոյլ տալով յառաջ ընթանալ ու խոչնդոտներ յարուցանելով երկրորդներուն։

Նորին Սրբութիւն ապա խօսեցաւ ''ապօրէն աշխատանքի մասին'' ու նշեց թէ Եկեղեցին  կը գտնուի այնտեղ ուր կան մարդ անհատներ, ապա ընդգծեց թէ գործի միջոցաւ մենք կը դառնանք աւելի մարդկային, ու անհատը կ՛ունենայ իր արժանապատուութիւնը։

''Աշխատանքը մարդու բարեկամ է, ու մարդը բարեկամ է աշխատանքին, նոյնիսկ երբ աշխատանքը մեզ կը հարուածէ'', ըսաւ ապա  Քահանայապետը, ակնարկելով գործազրկութեան, ու հաստատեց թէ ''մարդիկ եւ կիներ աշխատանքի միջոցաւ իրենց արժանապատուութեան կը տիրանան'', ապա մատնանշեց Իտալիոյ սահմանադրութեան առաջին յօդուածին ուր գրուած է. ''Իտալիան ժողովրդավարական հանրապետութիւն մըն է,  հիմնուած  աշխատանքի վրայ'', ու այս առընչութեամբ հրաւէր ուղղեց  աշխատանք ապահովեցնել բոլորին, որպէսզի բոլորը ունենան հաւասար արժանապատուութիւն, քննադատելով այն մտածումը որ շատ անգամ կ՛ուզէ հասոյթ ապահովել բոլորին սակայն ոչ աշխատանք։

Նորին Սրբութիւնը  ակնարկեց հուսկ երիտասարդական գործազրկութեան, նշելով թէ` անոնք կը մեծնան առանց արժանապատուութեան ու շեշտը դնելով գործարարական աշխարհի յեղաշրջումներուն վրայ.  հրաւիրեց`  միշտ ի միտ ունենալ ոչ թէ ''մրցակցութեան մշակոյթը'' այլ  ''համագործակցութեան ու զօրակցութեան հոգին''։

''Աշխատանքը պէտք չէ դառնայ ստրկութիւն'' ըսաւ Սրբազան Պապը աշխատանքվ կարեւոր նկատելով մարդկային, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքէն ներս.։ Առանց աշխատանքի շատ բաներ կը պակսին ու կը պակսի նախ եւ առաջ անդորրութիւնը, ուրախութիւնն ու համերաշխութիւնը։ Հարկաւոր է վերագտնել աշխատանքի ու ճակտի քրտինքը գնահատող մշակոյթ մը, որ հակառակ է սպառողականութեան։ Աշխատանքը ամէն մէկ ընկերային դաշինքի կեդրոնն է։ Աշխատանք կը նշանակէ, ազատութիւն արժանապատուութիւն, արդարութիւն, իրաւունք, յարգանք, ու հարկաւոր է պաշտպանել այս բոլորը։ Պէտք է ուրեմն պահանջենք գործ` ու նաեւ աղօթենք աշխատանքին համար'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատելէ ետք թէ ''Աշխարհ մը որ չի ճանչնար գործի արժէքը, չի ճանչնար նաեւ աշխատաւորներու արժէքը'' խօսքը աւարտեց ''Եկ Սուրբ Հոգի'' աղօթքով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.