2017-05-24 09:13:00

Մոկերինի. «Ղարաբաղեան տագնապը զինուորական լուծում չունի»


23 մայիսին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորհուրդի 17-րդ նիստը:

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան, իսկ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը` Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնախումբի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի:

Կողմերը անդրադարձ կատարեցին Համագործակցութեան խորհուրդի նախորդ նիստէն ետք արձանագրուած ձեռքբերումներուն:

Քննարկում կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգի հարցերուն շուրջ, որոնց կարգին` քաղաքական երկխօսութիւնը, առեւտուրի եւ ոլորտային համագործակցութիւնը, մարդու իրաւունքները, շարժունակութիւնը, բարեփոխումներու հոլովոյթը: Խորհուրդի նիստին միտքեր փոխանակուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան 2017-2020 ժամանակաշրջանի առաջնահերթութիւններուն շուրջ:

Իր խօսքին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանը կը շարունակէ յանձնառու մնալ Արեւելեան գործընկերութեան նպատակներուն եւ իր նպաստը բերել այդ բազմակողմանի ձեւաչափին մէջ իրականացուող միացեալ ջանքերուն:

Նախարարի պաշտօնակատար Նալբանդեան անդրադարձաւ նաեւ 2 ապրիլ 2017-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն` նշելով, որ անոնց աննախադէպ մեծ թիւով միջազգային դիտորդներ կը հետեւէին, որոնք յայտարարեցին, որ ընտրութիւնները եղած են լաւ կազմակերպուած, հիմնարար ազատութիւնները պաշտպանուած են, եւ արդիւնքները արտայայտած են բնակչութեան կամքը:

Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններուն ջանքերը` ղարաբաղեան տագնապին բացառապէս խաղաղ լուծման ուղղութեամբ: Ան աւելցուց, որ ապրիլ 2016-ի սկիզբը Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումները մեծ տարողութեամբ զինուորական գործողութիւններ էին 1994 եւ 1995  թուականներու եռակողմանի զինադադարի համաձայնագիրներու կնքումէն ի վեր: Նախարարի պաշտօնակատարը շեշտեց նաեւ, որ յարձակումներուն ընթացքին  Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումները Արցախի բնակչութիւնը  ահաբեկելու նպատակ կը հետապնդէին:

Բարձր ներկայացուցիչ Մոկերինի յայտնեց, որ տագնապը զինուորական  լուծում չունի, եւ Եւրոպական Միութիւնը լիովին կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններու ջանքերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.