2017-05-24 09:24:00

Պահրէյնի մէջ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ


Զոհ մը արձանագրուեցաւ եւ 100 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ պահրէյնեան ուժերը ներխուժեցին Տարազ շրջանը, ուր հազարաւոր պահրէյնցիներ Պահրէյնի եւ Արաբական Ծոցի շրջանի ամէնէն բարձրաստիճան շիի կրօնաւոր շէյխ Իսա Քասեմի տան մօտ նստացոյց կը կատարէին` արգելք հանդիսանալու համար, որ նշեալ ուժերը ներխուժեն շրջան:

Պահրէյնեան ուժերը նստացոյց կատարողներուն վրայ յարձակում գործեցին եւ քանի մը ժամ տեւած բախումներէ ետք յաջողեցան իրենց վերահսկողութեան տակ առնել Տարազի Ֆիտա հրապարակը եւ սկսան տուներու խուզարկում կատարել:

Պահրէյնի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ապահովական ուժերը ձերբակալած են 50 անձեր, որոնք հետախուզութեան ենթակայ են, բանտէն փախուստ տուածներ են, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական հարցերով ամբաստանուած:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ որոշուած է ոստիկանութիւնը պահել վայրին մէջ` ապահովելու համար մարդոց անվտանգութիւնն ու դիւրացնելով անոնց տեղաշարժը:

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.