2017-05-23 14:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 23 մայիսի քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 23 մայիս 2017-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով երանելի Օսքար Ռոմերոն, որուն երանացման  երկրորդ տարեդարձը կը նշուի այսօր,  յարեց  թէ՝՝ բազմաթիւ կղերականներ հալածուեցան  որովհետեւ դատապարտեցին աշխարհիկ վերաբերմունքը'' աւեցնելով թէ ՝՝Քէշ հոգին կը նախընտրէ գաղջ եւ վտանգէ զուրկ  եկեղեցին մը''։

Նշենք թէ երանելի Օսքար Ռոմերոն՝ Սան Սալվատորի թեմի արքեպիսկոպոսը սպաննուած է,  աղքատներու դէմ գործադրուած բռնութիւնները դատապարտելուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին մէջ  խրախուսեց գաղջ ապրելակերպէ անցնիլ՝ Յիսուսը ուրախութեամբ աւետարանելու կեանքի,  որովհետեւ, ըսաւ Ան, չար հոգին կը նախընտրէ ''անհոգ եւ առանց վտանգի եկեղեցի մը, հանգստաւէտ եւ գաղջ եկեղեցի մը։  Քահանայապետը ապա  յորդորեց  ''շահի կրօնականութենէն անցնիլ դէպի հաւատք, հռչակելու համար  թէ Յիսուս Տէրն է''։     

Այս ըլլալու է մեր առօրեայի ապաշխարութեան ընթացքը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով, թէ այդ հրաշքը կ՛իրագործէ Սուրբ Հոգին ապա հրաւիրեց ներկաները կարդալ Գործք առաքելոցի 16-րդ գլուխը ըմբռնելու համար թէ ինչպէս Տէրը իր եկեղեցին յառաջ կը տանի մարտիրոսներու միջոցաւ։

Առանց մարտիրոսներու եկեղեցի մը անվստահութիւն կը յառաջացնէ, առանց վտանգի եկեղեցի մը,   անվստահութիւն կը ներշնչէ։ Եկեղեցի մը որ կը վախնայ Յիսուս Քրիստոսը հռչակելէ,  սատանաներն ու  կուռքերը վտարելէ ու մերժելէ դրամ աստուածը,  Յիսուսի եկեղեցի չէ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով Տիրոջմէ հայցել եկեղեցին երիտասարդ պահելու  շնորհքը եւ  գաղջ ապրելակերպէն դարձի գալ ու անցնիլ` Յիսուս որպէս Տէրը հռչակելու ուրախութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.