2017-05-23 08:06:00

Չորեքշաբթի 24 Մայիսին ''Չինաստանի Եկեղեցւոյ ի սպաս աղօթքի համաշխարհային օր''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''24 Մայիսը Չինաստանի եկեղեցւոյ աղօթքի համաշխարհային օրն է հաստատուած Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ` 30 Յունիս 2007-ին։ 

Վաստակաւոր քահանայապետը 2008 թուականին աղօթք մը ընծայած է Շէշանի Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր, որուն մէջ կը հայցէ որ Ան ապաւէն կանգնի Չինաստանի կաթողիկէ հաւատացեալներուն ու առաջնորդէ անոնց քայլերը դէպի Քրիստոս, առանց վհատութեան ու տարակոյսի, այնպէս ինչպէս ինք ըրած էր իր ''այոն'' արտասանելով Գաբրիէլ հրեշտակապետին, ու յանձն առնելով ամէն տառապանք ու չարչարանք , մինչեւ խաչին ոտքը տեսնելով իր որդւոյն մահը։

Անցեալ Կիրակի օր` Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ, Չինաստանի Շեշանի սրբավայրին մէջ`  մեծարուած ''Քրիստոնեաներու օգնութիւն'' Տիրամօր 24 մայիսի տօնին առթիւ, կաթողիկէ աշխարհը հրաւիրեց աղօթելու Չինաստանի կաթողիկէ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար ապա հրաւիրեց չինացի կաթողիկէները իրենց  հաւատքը վկայելու` աղօթքով եւ սիրով, միշտ բաց մնալով հանդիպումին ու երկխօսութեան''։

Բացի Չինացի կաթողիկէներու նուիրուած աղօթքի  յատուկ օրէն, 24 մայիսին կը յիշատակուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Երկիր կատարած առաքելական այցելութեան երրորդ տարեդարձը (24-26 մայիս 2014)։ Այցելութիւն մը որուն ամենէ յատկանշական  պահը հանդիսացաւ Սրբազան Քահանայապետին եւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսի միջեւ կայացած հանդիպումը, նշելու համար Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթենակորա Պատրիարքի միջեւ 50 տարիներ առաջ կայացած հանդիպման յիշատակութիւնը (5 յունուար 1964)։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.