2017-05-23 10:14:00

Հայ Կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան 2017 տարուան զարգացման մրցումը


Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4.00-ին, Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան կազմակերպած վեցերորդ միջ-դպրոցական զարգացման մրցումը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 9 երկրորդական վարժարաններու աշակերտները: ՀԲԸՄ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարանի, Հայ Կաթ. Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճի, Հայ Աւետարանական Գոլէճի, Հայ Կաթ. Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճի, ՀԿԲՄ.ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի, Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներէն բաղկացած 5 հոգինոց խմբակներ մրցեցան իրարու դէմ, նախապէս սերտած ըլլալով միութեան պատրաստած «ԱՐՑԱԽ…  ՔԱՋԱՐԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ԶՄՐՈՒԽՏԵԱՅ ԵՐԿԻՐԸ» խորագրեալ գրքոյկը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան ատենապետ Արամ Գարատաղլեան, որ ողջունեց  մասնակիցները եւ բացատրեց մրցումին օրէնքները: Գարատաղլեան նշեց որ ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» կոչին, ՀԿՀՄ-ը իր տարեկան միջ-դպրոցական զարգացման մրցումին նիւթը ընտրած է Արցախը, պատրաստելով տեղեկութիւններով եւ գիտելիքներով  հարուստ գրքոյկ մը եւ անկէ աւելի քան 500 օրինակներ բաժնելով Լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժնի աշակերտներուն: Գարատաղլեան աւելցուց որ ՀԿՀՄ-ի նպատակը միայն մրցում մը կազմակերպել չէ, այլ Լիբանանահայ աշակերտին գիտելիքներու զարգացումը ընտրուած թեմային շուրջ. այդ պատճարով է որ միութիւնը ամէն տարի կը հրատարակէ իր կազմակերպած զարգացման մրցումին յատուկ գրքոյկը:

Ապա Լիւսի Տէօքմէճեան վարեց զարգացման մրցումը որ բաղկացած էր 4 բաժիններէ, իւրաքանչիւր բաժին՝ 15 հարցումներէ:

Մրցումի աւարտին ՀԿՀՄ-ին եւ աշակերտութեան իր սրտի խօսքը ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազոր դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեան, որ բարձր գնահատեց կազմակերպիչ միութեան այս օգտաշատ տարեկան նախաձեռնութիւնը, եւ լուսարձակի տակ առաւ նման ծրագիրներու կարեւորութիւնը սփիւռքահայ աշակերտութեան եւ երիտասարդ սերունդներուն համար: Դեսպան Մկրտչեան եզրափակելով իր խօսքը շնորհաւորեց կազմակերպողներն ու մասնակցողները մաղթելով որ անոնք մնան միշտ Մայր Հայրենիքի ու Արցախի կողքին:

Հուսկ՝ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան անդամուհի եւ միութեան կազմակերպած զարգացման մրցումներու գրքոյկներու պատասխանատու խմբագիր՝ Լիւսի Տէօքմէճեանի պարգեւատրումը: Այս առթիւ իր արտասանած խօսքին մէջ, միութեան ատենապետ Արամ Գարատաղլեան ըսաւ .- «Միութենական կեանքին մէջ, յաճախ շուքի տակ կը մնան անհատներու ներդրումները, եւ ամէն յաջողութիւն կ՛անցնի միութեան վերնագրին տակ, սակայն գիտակից ղեկավարութիւն մը պէտք է քաջ գիտնայ այդ անհատներու  տարած աշխատանքը եւ ըստ այնմ արժեւորէ զանոնք…։ Վարձքդ կատար Ընկերուհի Լիւսի, այդ ամէն ինչին համար զոր կատարեցիր, կը շարունակես եւ պիտի շարունակես կատարել ՀԿՀՄ-ին համար»:

Ապա մասնակից  խմբակները ստացան մասնակցութեան վկայագիրներ ձեռամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեանի, եւ ներկայութեամբ ՀՀ Դեսպանութեան կցորդ՝ Վլատ Պօղոսեանի, ու Հայ Կաթողիկէ Լրատուամիջոցներու Կեդրոնի պատասխանատու խմբագիր Պրն․ Սարգիս Նաճարեանի, իսկ շահող խմբակը՝ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճը ներկայացնող խմբակը ստացաւ նաեւ առաջնութեան մրցանակի յուշանուէրը, ու ՀԿՀՄ-ի տրամադրած 500 ամ. տոլարի նիւթական պարգեւը:

Արդարեւ, դատական եռանդամ կազմի որոշումով Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան 2017 թուականի զարգացման մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճը (86/100), երկրորդ դիրքը՝ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճը (82/100), ), իսկ երրորդ դիրքը՝ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը (79.5/100) :

Շնորհաւորելի են բոլոր մասնակից աշակերտները: Կը գնահատենք հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն  աշխատանքը, ինչպէս նաեւ յաղթական վարժարանին աշակերտները:

ՀԿՀՄ․ի Վարչութիւն








All the contents on this site are copyrighted ©.