2017-05-22 11:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապի այցը Հռոմի Սան Փիեր Տամիանի ժողովրդապետութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 մայսի 2017-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապ հովուական այցելութիւն կատարեց Հռոմի Քազալ Պերնոքքի շրջանին մէջ գտնուող Սան Փիեր Տամիանի հասարակութեան։

Այցելութեան ծիրէն ներս  Սրբազան հայրը հանդիպեցաւ խումբ մը  մանուկներու ու քրիստոնէական դասընթացքի հետեւող պատանիներուն հետ ու հանդիպման ընթացքին  պատասխանեց իրեն ուղղուած կարգ մը հարցումներուն, ապա  ողջունեց  հասարակութեան մէջ գտնուող խումբ մը  հիւանդներ Եւ Նէոքաթուքեմնալ շարժումի անդամները,  այս վերջինները քաջալերեց շարունակելու իրենց առաքելութիւնը եկեղեցւոյ  մէջ, հաստատելով թէ առաքելութեան շնորհքը կը բխի սուրբ Մկրտութեան խորհուրդէն եւ  ուժ կու տայ առաքելութեան եւ մկրտուած աշխարհականները  պէտք են ըլլալ միսիոնարներ։

Քարիթասի հոգածութեան տակ գտնուող աղքատներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկսո Պապ յարեց. թէ եկեղեցին պէտք է պաշտպան կանգնի աղքատներուն, որովհետեւ անոնք եկեղեցւոյ հարստութիւնն են։  Եւ երբ եկեղեցի մը,  ժողովրդապետութիւն մը աղքատները կը մոռնայ­ ՝՝ Սուրբ Պատարագի խորհուրդը լաւապէս մատակարարած չ՝ըլլար՝՝  ըսաւ  ֆրանչիսկոս Պապ 

Մանուկներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անոնք Սրբազան Հօր նուիրեցին  իրենց կողմէ պատրաստուած գծագրութիւններու փոքրիկ հատոր մը, ապա Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանեց անոնց հարցումներուն՝ որոնց շարքին թէ ինչպէս   զգացած է Քահանայութեան կոչումը, թէ ինչ մարզանք կը սիրէ եւ յատկապէս  ինչպէս կարելի է  Յիսուսին հետեւիլ եւ աշխարհը փրկել։

Ֆրանչիսկոս Պապ  պատասխանեց ըսելով, որ աղօթքով  եւ ուրիշներուն հանդէպ յարգանքով է որ կարելի է օգնել Յիսուսին, աշխարհը փրկելու համար,  եւ հաստատեց թէ գեղեցիկ է , որ մանուկները ուրախութեամբ ապրին իրենց  կեանքը, որովհետեւ ուրախութիւնը կ՝օգնէ Յիսուսին, ու կը սատարէ աշխարհի փրկութեան։

Վերոնշեալ հանդիպումներէն ետք Սրբազան Հայրը  խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարեց չորս հաւատացեալներուն , որմէ ետք հանդիսապետեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն առթիւ արտասանած սրտաբուխ քարոզին մէջ մեկնաբանելով օրուան աւետարանական ընթերցումը, քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն՝ ուր Յիսուս առաքեալներու կ՝աւետէ Սուրբ Հոգիին գալուստը , Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ Սուրբ Հոգին ՝ որ է Փաստաբան ու մխիթարիչ կը գտնուի նաեւ մեր մէջ որովհետեւ զայն ստացանք  Մկրտութեան խորհուրդով։

Նորին Սրբութիւնը ապա վստահեցուց թէ Աստուած մեր մէջ ներկայ է, Ան մեզի կ՝ընկերանայ եւ մեզի կ՝ըսէ այն ինչ որ պէտք ենք կատարել։ Աստուած մեզի կ՝օգնէ սխալ չի գործելու եւ փորձութեան մէջ չ՝իյնալու։  Աստուած մեզ կը պաշտպանէ չար հոգիէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ այնպէս  ինչպէս Սուրբ Հոգին,  անուշութեամբ եւ յարգանքով մեր հետ կը խօսի, այնպէս ալ  քրիստոնեան պէտք է գործէ աշխարհին մէջ, հակառակ սատանային թակարդներուն ու փորձութիւններուն։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց որպէս տիպար ունենալ Տիրամայրը՝ որ  ճզմեց օձին – սատանային - գլուխը  ապա հրաւիրեց Աստուծմէ հայցել  շնորհքը   մեր մէջ պահպանելու Սուրբ Հոգին։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.