2017-05-22 09:17:00

Հիւսիսային Քորէա դարձեալ հրթիռի փորձարկում կատարած է


«Եոնհափ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Քորէան հեռահար հրթիռ արձակած է Փիոնան Նամատօ նահանգի Փուքչան շրջանէն:

Ճափոնական «Էն. Էյթ. Քէյ.» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ հրթիռը ինկած է ճափոնական ծովուն մէջ` Ճափոնի բացառիկ տնտեսական գօտիի սահմաններէն դուրս:

Ճափոնի վարչապետ Սինծօ Ապէի աշխատակազմին կից բացուած է տեղեկատուութեան ուսումնասիրութեան հարցերով ճգնաժամային խումբ:

Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ Ին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը խորհրդակցութեան հրաւիրեց` Հիւսիսային Քորէայի հեռահար հրթիռի արձակման հարցով:

Փիոնկեանկ վերջին հրթիռը արձակած էր մէկ շաբաթ առաջ` 14 մայիսին: Օրին Հիւսիսային Քորէան արձակած էր միջին հասողութեամբ հեռահար հրթիռ մը, որ անցնելով 787 քիլոմեթր ինկած էր 








All the contents on this site are copyrighted ©.