2017-05-20 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը ՝՝Centesimus Annus Քահանայապետի ի նպաստ՝՝ հիմնարկութեան անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ին, կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց եւ յատուկ  ունկնդրութիւն շնորհեց  Հռոմի մէջ կայացած ՝՝Centesimus Annus Քահանայապետի ի նպաստ՝՝ հիմնարկութեան հանդիպումի մասնակիցներուն։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը,  իր գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն, անոնց տածած աշխատանքներուն համար , տնտեսութեան, զարգացման եւ վաճառականութեան հասկացողութեան այլընտրանքի որոնումին ծիրէն ներս, կարենալ պատասխանելու համար  բարոյական մարտահրաւէրներուն, յառաջացած արուեստագիտութեան,  մսխումի մշակոյթի եւ ապրելակերպի  ինչպէս նաեւ իշխանութեան նոր ձեւերէ, որոնք կը թերագնահատեն եւ կանտեսեն տկարները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց նաեւ Քահանայապետական հիմնարկի անդամները, մարդու արժանապատուութեան, ազատութեան վրայ կեդրոնացած ,  տնտեսական աճումի նոր տիպարներ գտնելու անոնց յանձնառութեան համար։

Ան ապա ակնարկելով հիմնարկի այս տարուան յայտարարութեան, որուն մէջ  նշուած է,  որ աղքատութեան դէմ պայքարը կը պահանջէ,  անոր աւելի լաւ ըմբռնումը՝ որպէս մարդկային երեւոյթ եւ ոչ թէ պարզապէս տնտեսական երեւոյթ, Սրբազան հայրը նշեց թէ համապարփակ մարդկային զարգացումը կը պահանջէ երկխօսութիւն , մարդոց ձգտումներուն եւ կարիքներուն ներառում,  կը պահանջէ աղքատներուն առօրեայ կեանքի զրկանքներուն ունկնդրութիւն, ու պատասխաններ գտնել  հաստատ կացութիւններուն։  Այս կատարելու համար ըսաւ ՖրանչիսկոսՊապ  հարկ է հասարակութիւններուն  եւ գործի աշխարհին մէջ  կեանքի կոչել ծրագիրներ, որոնց մէջ աղքատները գլխաւոր դերակատարներն ու շահառուները դառնան։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ երիտասարդներուն եւ չափահասներու անգործութեան հարցերուն, դիտել տալով  թէ սոյն հարցը  ողբերգական մեծ ծաւալ ստացած է նուազ աճ արձանագրող երկիրներուն մէջ եւ պէտք է զայն դիմագրաւել  ապագայ սերունդներուն   նկատմամբ արդարութեան եւ պատասխանատուութեան բերումով։

Արդի արուեստագիտութեան աճումին  եւ անգործութեան հարցերուն  դիմագրաւումի ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ ընտանիքի  վրայ, վերյիշելով ընտանիքի մասին գումարուած սիւնհոդոսը եւ եպիսկոպոսներուն մտահոգութիւնը , թէ աշխատանքի անապահով պայմանները իրենց բացասական հետեւանքները կ՝ունենան  ընտանիքին  վրայ՝ արգելք հանդիսանալով արդիւնաբերութեամբ մասնակցելու ընկերային կեանքին ։   

Սրբազան հայրը քաջալերեց ներկաները, ջանք թափելու  այդ դժուար հարցերուն վրայ Աւետարանի լոյսն ու Եկեղեցւոյ ընկերային  վարդապետութեան հարստութիւնը  սփռելու՝ կառուցելու համար աւելի արդար, ազատ եւ համերաշխ աշխարհ մը ։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց  մաղթելով բոլորին բերրի աշխատանք եւ շնորհելով բոլորին  իր առաքելական օրհնութիւնները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.