2017-05-20 09:15:00

Կարդինալ Փարոլին՝՝Վենեզուելայի լուծումը կը կայանայ ժողովուրդին գերիշխանութեան վերականգնումին մէջ.՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 18 մայիսին, Հռոմի մէջ գումարուեցաւ ժողով մը, քննարկելու համար Վենեզուելայի մէջ տիրող ներկայի ողբերգական կացութիւնը։ Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին։ Ծիրանաւորը, պատասխանելով լրագողներուն հարցումին՝ թէ արդեօք Սուրբ Աթոռի կողմէ կա՞յ միջամտութեան մը կարելիութիւնը, ծիրանաւորը յայտնեց «Մենք կը յուսանք որ միշտ կարելիութիւն մը ըլլայ, որովհետեւ եթէ կարելիութիւն մը կայ՝ ուրեմն կը նշանակէ, թէ կացութիւնը որոշ իմաստով աւելի լաւ է։ Հետեւաբար չենք կրնար անյոյս մնալ, որ այս մէկը իրականացուի, որովհետեւ այն ինչ որ Վենեզուելայի մէջ կը պատահի, ողբերգական կը նկատուի եւ հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ։»

Վատիկանի դիւանագէտը ապա հաստատած է «Վենեզուելայի համար միակ իսկական լուծումն է նոր ընտրութիւններ կատարել. Վենեզուելայի ժողովուրդին վերադարձնել իր կամքը արտայայտելու կարելիութիւնը, եւ վերականգնել ժողովուրդի գերիշխանութիւնը՝ կարենալ սահմանելու համար անոր ապագան ու ներկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.