2017-05-19 08:15:00

Վենեզուելայի եպիսկոպոսները կը դատապարտեն բռնութիւնը եւ մահուան մշակոյթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վենեզուելայի Եպիսկոպոսները վճռական «ոչ»ով հանդէս կու գան վայրագ սպանութիւններուն դէմ, որ պտուղն է կեանքի արհամարհանքի, Կայենի ատելութեան, եւ «մի սպաներ» աստուածային պատուիրանի մերժումին։ «Ներկայ իրավիճակը, որուն մեզ հասցուցած է այժմու քաղաքական կառոյցը, տրամաբանօրէն անարդարանալի է, բարոյապէս ապօրէն եւ անհանդուրժելի» ըսած է Գերպ. Տիեկօ Փատրոն, Քումանայի արքեպիսկոպոս եւ Վենեզուելայի եպիսկոպոսական ժողովի նախագահ, Քարաքասի մէջ գումարուած 43րդ բացառիկ համագուամարի ժողովի ընթացքին։ Ժողովը գումարուած է քննարկելու համար հրատապ հարց մը, «որ ազգային յոյժ ծանր պարագայ մըն է»։

Վենեզուելլան կ՛ապրի տագնապալից պահեր. Խաղաղ ցոյցեր ճնշուած են պետութեան կողմէ՝ խլելով տասնեակ մը զոհեր. կատարուած են բանտարկութիւններ եւ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարում։

Եպիսկոպոսները ուժեղ կերպով կը յայտարարեն՝ «ճակատագրական է ճնշումի եւ մահուան կապը, որ վերածուած է ազգային տխուր առօրեայի։ Ամէն օր կը դիմագրաւենք մահուան բազմաթիւ նշաններ՝ վայրագ արտայայտութիւններով, զինուորական ներկայութեամբ, իշխելու եւ տիրապետելու մտայնութեամբ, գերազօրութեան արարքներով, կամայական վարմունքով, ազատութեան սահմանափակումներով, կաշառակերութեան արատով, հողատնտեսութեան եւ արտադրանքային ամբողջ համակարգի քանդումով, դաստիարակութեան քայքայումով, ոճիրներու անպատիժ մնալով, քաղաքացիներու եւ ընտանիքներու արտագաղթով»։

Գերապայծառ Փատրոն կը հաստատէ, «բարբարոսութիւնը եւ վայրագութիւնը անյայտացած էին մեր մշակոյթէն։ Այժմ ետ կը դառնանք, հակա-մշակոյթի մը եւ մահուան։ Հոգեւոր եւ բարոյական դատողութիւնը կը պահանջէ մտքերու եւ սրտերու լուրջ դարձ՝ տալու համար նորոգումի, արդարութեան եւ հաշտութեան պտուղներ։ Ժամանակն է, որ կատարուի խղճի քննութիւն մը, ղեկավարներու եւ քաղաքացիներու հոգեւոր եւ բարոյական ապստամբութեամբ, որպէսզի յառաջացնենք արմատական փոփոխութիւն մը երկրի վիճակին։ Փողոցի վրայ կատարուած օրինաւոր բողոքը, որ խաղաղ եւ յարգալիր է անձերու եւ ստացուածքի հանդէպ՝ քաղաքացիական բարոյական դիմադրութեան նշան մըն է։ Մեր պարտականութիւնն է, հրաւիրել քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բոլոր ղեկավարները՝ որպէսզի կանգնին ժողովուրդի կողքին։»








All the contents on this site are copyrighted ©.