(Ռատիօ Վատիկան) Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս զոյգ եկեղեցիներուն կողմէ մեծարուած Սուրբ Նիքոլա Տէ Միրայի մասունքները, 21 մայիսէն- 18 յուլիս 2017-ին, Իտալիոյ Պարի քաղաքէն կը փոխադրուին Մուսկուա՝ ուր տեղի կ՝ունենայ սուրբին մասունքներուն ուխտագնացութիւնը։
Մասունքի փոխադրութիւնը արդիւնքն է Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Մոսկուայի Կիւրեղ Պատրիարքին միջեւ անցեալ 12 փետրուար 2016-ին, Քուպայի մէջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումի ընթացքին կնքուած համաձայնութեան։
Նշենք, թէ Սուրբ Նիկողայոս Տի Միրայի մասունքները, 930 թուականէն ի վեր պահպանուած են Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ, անոնք երբեք քաղաքէն դուրս դուրս չեն տարուած ու այս առաջին անգամն է , որ այդ մասունքները դուրս կը բերուին քաղաքէն եւ ասոր համար Սուրբին մասունքներուն դէպի Մոսկուա ուխտագնացութիւնը կը նկատուի պատմական իւրայատուկ դէպք մը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |