2017-05-19 09:50:00

Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ ՀՀԿի թեկնածու Արա Բաբլոյեան


ՀՀԿի թեկնածու Արա Բաբլոյեան 88 թեր քուէով ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի նախագահ:
Նոյն պաշտօնին համար «Ելք» դաշինքը առաջարկած էր իր թեկնածուն՝ յանձինս Էդմոն Մարուքեանի, որուն օգտին քուէարկեցին 12 պատգամաւորներ, որոնցմէ երեքը՝ «Ծառուկեան» դաշինքէն: Նշենք, որ «Ծառուկեան» դաշինքը նախապէս որոշած էր ԱԺ նախագահի պաշտօնին համար թեկնածու չունենալ եւ ազատ ձգել իր անդամները՝ քուէարկելու իրենց նախընտրած թեկնածուին:
ՀՅԴ պատգամաւորները քուէարկեցին ՀՀԿի թեկնածուի օգտին:
105 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցեցան 100ը:
Արա Բաբլոյեան քուէարկութեան արդիւնքներու հրապարակումէն ետք մօտեցաւ Էդմոն Մարուքեանին եւ սեղմեց անոր ձեռքը:
Բաբլոյեան ծնած է 1947ին, Երեւան: 1971ին աւարտած է Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի մանկաբուժական բաժինը: 1989ին երիկամի փոխպատուաստման ճիւղին մէջ մասնագիտացած է Զուիցարիոյ եւ Պելճիքայի մէջ: Բժշկական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսէօր է: 2003-2005 եղած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) Եւրոպայի տարածաշրջանային կոմիտէի մշտական յանձնաժողովի անդամ:
1990ին հիմնած է Մանկական վիրաբուժութեան մասնագիտացուած կեդրոնը: 1991-1997 վարած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը:
2007-2012 ՀՀԿի ցուցակով ընտրուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր:
2012ին դարձեալ պատգամաւոր ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ցուցակով:
3 գիւտի, 7 մենագրութեան, 200է աւելի գիտական յօդուածի հեղինակ է:
Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ:
 
Կարէն Կարապետեան Վարչապետ Վերանշանակուեցաւ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հինգշաբթի, 18 Մայիսին ընդունեց Կարէն Կարապետեանի ղեկավարած կառավարութեան հրաժարականը եւ նոյն օրը Կարապետեանը վերանշանակեց վարչապետի պաշտօնին:

Կառավարութեան անդամ նախարարները առայժմ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը իբրեւ ժամանակաւոր պաշտօնակատարներ, մինչեւ որ վարչապետը իր նոր կազմը ներկայացնէ Ազգային ժողովի հաստատման:








All the contents on this site are copyrighted ©.