2017-05-18 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յունիս ամսուայ ընթացքին գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական ծիսակատարութիւններու գրասենեակը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ Յունիս ամսուայ ընթացքին գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններու օրացոյցը։

Յունիս 4-ին Պենտեկոստէի տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը մինչ կիրակի 18 Յունիսին` Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան Քահանայապետական պազիլիքայի տարածքին, երեկոյեան 7-ին, կը հանդիսապետէ Սուրբ Պատարագի զոհին որուն կը յաջորդէ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին աւանդական թափօրը` որ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայէն կ՛ուղղուի դէպի Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճորէ Պազիլիքա ուր տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութեան կարգը։

Յունիս 29-ին կը յիշատակուի Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ` նոր անուանուած Արքեպիսկոպոսներու Եմիփորոնի սանձման արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.