2017-05-18 10:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած նորանշանակ դեսպաններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 18 Մայիս 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Մաուրիթանիայի, Նեփալի, Թրինիթատ Թոպակոյի, Սուտանի, Ղազախստանի եւ Նիճերի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած նորանշանակ դեսպաններուն  ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին սկիզբը բարի գալուստ մաղթելով  ներկաներուն խնդրեց որ իր ողջոյնները փոխանցեն նաեւ իրենց երկիրներու  կառավարիչներուն իր յարգանքի ու երախտագիտութեան զգացումներու  ու այդ երկիրներուն բնակչութեան համար իր  աղօթքներուն հետ միասին։

Սրբազան Պապը անդրադարձաւ ապա միջազգային կացութեան որ յատկանշուած է ''զգալի բարդութիւններով'' ուր պահանջը կայ  ըլլալու իրազեկ սկիզբ տալու համար խաղաղութեան ուղեւորութեան մը` որ նուազեցնէ լարուածութիւնները։  Նորին Սրբութիւնը նշեց ապա թէ այդ հարցերը սրեցնող գործօններու շարքին է տնտեսութիւնը որ փոխանակ ծառայելու մարդ անհատին կը ծառայէ անձնական շահերուն, խուսափելով նաեւ հանրային մարմիններու վերահսկողութենէն, որոնց յանձնուած է հասարակաց բարիքի պատասխանատուութիւնը, թէեւ յաճախ անոնք կարող չեն չափաւորելու վերոնշեալ երեւոյթը։

Այլ գործօն մըն է ծայրայեղականութիւնը, ըսաւ ապա Քահանայապետը, ընդգծելով թէ այդ մէկը կը կայանայ կրօնի չարաշահումի մէջ` արդարացնելու համար իշխանութեան ծարաւը, եւ Աստուծոյ Սուրբ Անունը օգտագործելու մէջ ամէն միջոցներով տարածելու համար անձնական գերիշխանութիւնը։

''Այս տագնապներուն որոնք կը սպառնան աշխարհի խաղաղութեան կարելի է պատասխանել կառուցելով մարդ անհատի ու հասարակութիւններու ճակատագրով մտահոգ տնտեսութիւն մը, որպէսզի մարդը եւ ոչ թէ դրամը դառնան տնտեսութեան նպատակակէտը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''հարկաւոր առ այդ դիմել երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան համբերատար քաջութեան, մշակելով հանդիպումի ու խաղաղութեան եւ ոչ թէ բռնութեան ձեռնարկներ''։

''Հարկաւոր է նաեւ կղզիացնել բոլոր անոնք որոնք կ՛ուզեն պատկանելիութիւն մը կամ կրօնական ինքնութիւն մը փոխակերպել ու զայն դարձնել ուրիշներու նկատմամբ ատելութեան պատճառ'' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկս Պապը ու հրաւիրեց  ''Աստուծոյ դիմագիծը խեղաթիւրողներուն ընդդիմանալ միասնական յանձնառումով, բացայայտելու համար թէ Աստուծոյ անունը կը յարգուի կեանքեր փրկելով եւ ոչ թէ սպանութեամբ, խաղաղութիւն ու հաշտութիւն տարածելով ու ոչ թէ պատերազմ եւ բաժանում. թէ Աստուծոյ Անունը կը յարգուի ողորմութեան ու բարեգթութեամբ եւ ոչ թէ անտարբերութեամբ ու դաժանութեամբ''։

''Եթէ վճռակամ քալենք այս ճանապարհին վրայէն` խաղաղութեան ու արդարութեան դատը շօշափելի քայլեր պիտի մղէ դէպի յառաջ'' ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու ճառը աւարտեց` Դեսպաններու միջոցաւ  իր ողջոյնները փոխանցելով անոնց ներկայացուցած երկիրներու զաւակներուն ու Կաթողիկէ հասարակութեան, հրաւիրելով այս վերջինս շարունակելու վկայել իր հաւատքը ու իր վեհանձն սատարը պարգեւել ի սպաս հասարակաց բարիքին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  նոր դեսպաններուն նոր առաքելութեան համար փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնը  ապահովեցնելով Հռոմի Քուրիայի համագործակցութեան տրամադրութիւնը ու բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային Օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.