2017-05-18 11:39:00

Հայաստանի քաղաքացիները հնարաւորութիւն կը ստանան անվճար ուսանելու Վրաստանի Մէջ


Պաշտօնական այցով Հայաստան կը գտնուի Վրաստանի փոխվարչապետ, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Ալեքսանդրէ Ջեջելաւայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այցի ընթացքին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է  ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի եւ նախարարի տեղակալներուն հետ։ Քննարկուած են կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման ուղիները:

Այնուհետեւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է յուշագիր` ի դէմս ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեանի եւ Վրաստանի փոխվարչապետ, ԿԳ նախարար Ալեքսանդրէ Ջեջելաւայի:

Վրաստանի ԿԳ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Լեւոն Մկրտչեանին հիւրընկալութեան համար` կարեւորելով երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը:

Ըստ յուշագիրին` կողմերը հանրակրթութեան, միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան, գիտութեան եւ հետազօտութեան ոլորտներու մէջ պիտի ստեղծեն աշխատանքային խումբեր: Կը նախատեսուի փոխադարձ հիմունքներով տրամադրել բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ մագիստրոսական աստիճանի առաւելագոյնը 10 կրթաթոշակ:

Վրացական կողմը կը պարտաւորուի Հայաստանի քաղաքացիները ազատել Վրաստանի պետական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու մէջ ուսման վճարէն, եթէ անիկա չի գերազանցեր 2250 վրացական դրամական միաւոր: Հայկական կողմը կը պարտաւորուի Վրաստանի քաղաքացիները ազատել Հայաստանի պետական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու մէջ  ուսման վճարէն, եթէ վերջինս չի գերազանցեր 1.000.000 դրամը:

Երկու կողմերէն առաջադրուած ուսանողները կը պարտաւորուի հաւաստել դասաւանդման լեզուներու որոշակի մասնագիտացման մակարդակ (անգլերէն եւ ռուսերէն), հակառակ պարագային` ուսանողները կը պարտաւորուին յանձնել որոշ ներքին քննութիւններ` կազմակերպուած տուեալ բարձրագոյն կրթական հաստատութեան կողմէ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.