2017-05-17 08:20:00

Ֆաթիմայի Տիրամօր Երեւումներուն 100 ամեակի տօնակատարում Զահլէի մէջ։


Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներու 100 ամեակը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կիրակի 15 մայիս 2017-ին, Զահլէի մէջ, տեղւոյն Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան նախաձեռնութեամբ։ Արդարեւ, տօնակատարումe սկսաւ Սուրբ Պատարագով զոր քաղաքի Հայ կաթողիկէ Ֆաթիմայի Տիրամօր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, առընթերակայութեամբ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի եւ տէր Ալիշան Ափարթեանի։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆաթիմայի Տիրամօր նուիրուած թափօր առաջնորդութեամբ Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբին եւ մասնակցութեամբ հաւատացեալներու բազմութեան։ Թափօրին յաջորդեց Ֆաթիմայի Տիրամօր եկեղեցւոյ նորակառոյց զանգակատան օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.