2017-05-17 08:29:00

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի սադրանքները


16 մայիսին Մոսկուայի մէջ` Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, անդրադառնալով 15 մայիսին արցախեան-ազրպէյճանական սահմանին արձանագրուած հերթական սադրանքին, հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ:

«Տեղեկանալով 15 մայիսին արցախեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ազրպէյճանական զինուժին կողմէ ձեռնարկուած սադրիչ գործողութիւններուն մասին` մեր մտահոգութիւնը կը յայտենք եւ խստօրէն կը դատապարտենք կատարուածը:

«Ղարաբաղեան տագնապը զինուորական ճամբով լուծելու` Ազրպէյճանի կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւնը, իրավիճակի շարունակական սրումը եւ անոնց իբրեւ հետեւանք արձանագրուող մարդկային կորուստները կը վտանգեն տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած քայլերը, նաեւ կը ձախողեցնեն միջազգային հանրութեան ջանքերով կայացած բանակցային գործընթացը:

«Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, հաւատարիմ մնալով իր խաղաղարար առաքելութեան, պիտի շարունակէ ամէնէն ջանք գործադրել յանուն տագնապի խաղաղ լուծման, արցախաբնակ մեր զաւակներու անվտանգ եւ ապահով կեանքի ստեղծման»:








All the contents on this site are copyrighted ©.