2017-05-17 12:33:00

''Huntington'' հիւանդութեան հայող համաշխարհային հանդիպում Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 17 մայիս 2017-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ  մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ հինգշաբթի, 17 մայիս 2017-ին,  Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայանայիք,  ''Huntington'' հիւանդութենէ տառապող անձերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համաշխարհային հանդիպում- ձեռնարկը, որուն իրենց  մասնակցութիւնը կը բերեն ''Huntington'' հիւանդութեամբ զբաղող ընկերակցութիւններ, բժիշկներ եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած առողջապահական գործիչներ։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցողներուն շարքին էր նաեւ Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի։

Վերոնշեալ ձեռնարկին առթիւ Ֆրանչիկսոս Պապ հինգշաբթի, 17 մայիսի առաւօտեան ունկնդրութիւն կը շնորհէ հանդիպումի մասնակիցներուն,  որպէս զօրակցութեան նշան սոյն հիւանդութենէ տառապող անձերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։

''Huntington''  հիւանդութենէ տառապող անձերու համաշխարհային հանդիպումը,  կազմակերպուած է Իտալացի, գիտնական եւ երեսփոխան Տիկին Էլէնա Քաթթանէոյի կողմէ, համագործակցութեամբ ծերակոյտի նախագահ Փիերթօ Կրասսօյին։ Ծրագիրը մաս կը կազմէ ''Huntington'' հիւանդութենէ տառապող անձերու հոգ տանող ընկերակցութիւններուն ''ոչ երբեք թաքնուած'' նախաձեռնութեան։  ''Huntington'' հիւանդութիւն ամենէն շատ տարածուած է Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ։ 

Յայտնենք նաեւ թէ վերոնշեալ հանդիպումին՝ որուն նպատակն է  լուսարձակի տակ առնել քիչ ճանչցուած  այս հիւանդութիւնը,  իր  մասնակցութիւնը կը բերէ  նաեւ Կարդինալ Ճանֆրանօ Ռավազի, որ  կը ներկայացնէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերը  ''Huntington'' հիւանդութեան դէմ տարուած աշխատանքներուն ծիրէն ներս։   








All the contents on this site are copyrighted ©.