2017-05-16 13:09:00

''Յիսուսի Խաղաղութիւնը իսկական է, ոչ թէ աշխարհի զգայազերծ խաղաղութիւնը'' Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք վերջին ընթրիքի ժամանակ Յիսուսի՝ առաքեալներուն տուած յորդորները։ Այնտեղ Յիսուս կʼըսէ՝ «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի´մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. Ո´չ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ կու տամ ես ձեզի» (Յովհ ԺԴ. 27)։

Աւետարանի այս հատուածը մեկնաբանելով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Երեքշաբթի, Մայիս 16ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին քարոզ մը տուաւ ներկաներուն, ուր շեշտեց թէ միայն Աստուծոյ պարգեւած խաղաղութիւնը իսկական է եւ մնայուն։

Այն խաղաղութիւնը, որ աշխարհ կու տայ մեզի, նեղութիւններէ զերծ խաղաղութիւն մըն է – ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Աշխարհ մեզի կը մատուցանէ արհեստակեալ խաղաղութիւն մը. խաղաղութիւն մը, որ կը սահմանափակուի «հանգստութեան» մէջ. խաղաղութիւն մը, որ հետաքրքրուած է լոկ անձնականով, անձնական ապահովութիւններով, ուր պակաս բան չկայ։ Այսպէս էր Յիսուսի պատմած առակին հարուստ մարդուն պարագան։ Այդպսիսի խաղաղութիւն մը հանգստութիւն մը կու տայ, որ մեզ կը փակէ, եւ չի տեսներ ուրիշը։

Աշխարհ մեզի կը սորվեցնէ խաղաղութեան ճանապարհը՝ մեզ զգայազերծելով. մեզ կը զգայազերծէ, որպէսզի չտեսնենք կեանքի այլ իրականութիւն մը՝ Խաչը։ Պօղոս Առաքեալ կʼըսէ, Աստուծոյ Արքայութեան մէջ պիտի մտնենք՝ անցնելով շատ մը նեղութիւններէ։ «Սակայն, կարելի՞ է նեղութիւններու մէջ խաղաղութիւն ունենալ» – հարց տուաւ Սրբազան Հայրը։ «Մարդկօրէն դիտուած՝ ո´չ. Մենք կարող չենք կերտել խաղաղութիւն մը, որ հանգստութիւն է, հոգեբանական խաղաղութիւն մըն է»։ Այն խաղաղութիւնը որ Յիսուս կու տայ, պարգեւ մըն է, Սուրբ Հոգւոյն պարգեւն է։ Այս խաղաղութիւնը կʼընթանայ նեղութիւններու մէջէն եւ յառաջ կʼերթայ։ Յիսուսի տուած խաղաղութիւնը ստոյիկեան վիճակ մը չէ։

Աստուծոյ խաղաղութիւնը, պարգեւ մըն է, որ մեզի կʼօգնէ յառաջ ընթանալու։ Յիսուս, առաքեալներու խաղաղութիւն տալէ ետք, Ձիթենեաց Պարտէզին մէջ կը տառապի, եւ այնտեղ ամէն ինչ կը մատուցանէ Հօր կամքին. կը տառապի, սակայն ոչ առանց Աստուծոյ մխիթարութեան։ Աւետարանը կը պատմէ, թէ երկնքէն հրեշտակ մը երեւցաւ Յիսուսը մխիթարելու համար։

Աստուծոյ խաղաղութիւնը իսկական խաղաղութիւն մըն է, որ ներկայ է կեանքի իրականութեան մէջ, եւ չի ժխտեր կեանքը։ Հակառակ որ կան տառապանքներ, հիւանդութիւններ եւ պատերազմներ, սակայն ներքին խաղաղութիւնը, որ պարգեւ մըն է, չի կորսուիր, այլ յառաջ կʼընթանայ՝ կրելով տառապանքի Խաչը։ Խաղաղութիւն մը առանց Խաչի՝ Յիսուսի խաղաղութիւնը չէ, այլ խաղաղութիւն մըն է, որ կարելի է գնել։ Այդպիսի խաղաղութիւն մը կրնանք կերտել մենք, սակայն դա մնայուն չէ։

Երբ կը բարկանամ, կը կորսնցնեմ խաղաղութիւնը. երբ սիրտս նեղութեան մէջ է՝ կը նշանակէ թէ չեմ բացուած Յիսուսի խաղաղութեան, որովհետեւ այդ պարագային կարող չեմ կեանքը տանիլ այնպէս ինչպէս որ է՝ իր խաչերով եւ ցաւերով։

Աստուծոյ արքայութեան մէջ պիտի մտնենք շատ մը նեղութիւններու միջոցաւ։ Խաղաղութեան շնորհքը այն է, որ չկորսնցնենք ներքին խաղաղութիւնը։ Սուրբ Օգոստինոս ըսած է՝ «Քրիստոնեային կեանքը երթ մըն է աշխարհի հալածանքներու եւ Աստուծոյ մխիթարութեան միջեւ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.