2017-05-15 12:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ զինուորական մատրանապետերուն. ''Մի դադրիք հայցելէ Խաղաղութեան պարգեւը''։


(Ռատիօ Վատիկան) 19-էն 21 մայիս 2017-ին, Լուրտի  Տիրամօր սրբավայրին մէջ տեղի կ՝ունենայ Կաթողիկէ զինուորական մատրանապետերու միջազգային 59-րդ ուխտագնացութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 40 երկիրներէ ժամանած զինուորականներ եւ որուն բնաբանն է ''մեզի խաղաղութիւն պարգեւէ''։

Այս առթիւ, յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող մէկ պատգամին մէջ  նշուած է թէ ''Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց որոնք կը գործեն ի սպաս ''աշխարհի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումին ու անոր պահպանումին ի խնդիր'' ապա ընդգծուած է թէ ''Այս դժուար ժամանակներուն,  էական է յիշել,  որ խաղաղութիւնը պարգեւ մըն է,  եւ մարդիկ պէտք չէ որ երբեք դադրին զայն հայցելէ Աստուծմէ, որովհետեւ Աստուած միշտ կը պատասխանէ իր զաւակներուն աղօթքին եւ կը համապատասխանէ գործնական կերպով,  յարուցանելով խաղաղութեան , եղբայրութեան եւ աջակցութեան արհեստաւորներ''։ 

Պատգամին մէջ պարունակուած է հուսկ  յորդոր մը  ուղղած է զինուորականներուն, ''նայելու Քրիստոսին, նուաճելու համար չարն ու ատելութիւնը եւ ըլլալու ճշմարտութեան իսկական վկաները''։

Ի վերջոյ  ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնած է  բոլոր զինուորներուն, յատուկօրէն անոնց որոնք վտանգաւոր պայմաններու մէջ կը գտնուին, բոլորը յանձնելով Լուրտի Տիրամօր հովանիին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.