2017-05-15 13:14:00

2019 թուականի Յունուար 22-27ի Երիտասարդութեան Միջազգային Օրուան տօնախմբութեան խորհրդանշանը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2019 թուականի Յունուար 22-27, Փանամայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդութեան Միջազգային Օրուան տօնախմբութիւնը։ Արդէն պատրաստուած է այդ տօնախմբութեան խորհրդանշանը, ուր պատկերացուած է սիրտ մը, որուն մէկ մասը կը կազմէ լատիներէն «M» տառը։ Ապա ներկայացուած է Փանամայի ջրանցքը, որ կը խորհրդանշէ ուխտաւորին ճանապարհը՝ որ Մարիամի միջոցաւ կ՛ընթանայ դէպի Յիսուս։ Նկարուած հողաշերտը կը ներկայացնէ Փանաման։ Սրտին ձախ կողմը տեղադրուած է ուխտաւորին խաչը։ Աջ կողմը՝ Սուրբ Կոյսին ուրուագիծը, հինգ սպիտակ կէտերով, իբր նշան Մարիամի պսակին, ինչպէս նաեւ հինգ ցամաքամասերէ եկող ուխտաւորներուն։ Խորհրդանշանի գոյները առնուած են Փանամայի դրօշէն։

Փանամայի արքեպիսկոպոս, Գերպ. Հոզէ Տոմինկօ Ուլլօա Մենտիեթա ըսած է, թէ «Երիտասարդները մեր ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ բարոյական եւ մարդկային պահեստն են, ատակ՝ փոխակերպելու ընկերութիւնն ու Եկեղեցին ամբողջապէս եւ դրականօրէն, այն համարձակութեամբ՝ ինչպէս կատարեց Նազարէթի Երիտասարդուհին՝ Մարիամ։ Այս բանը կ՛իրականանայ լոկ եթէ կարող ենք սորվեցնել երիտասարդներուն սիրել՝ այնպէս ինչպէս Յիսուս սիրեց մեզ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.