2017-05-14 08:43:00

Կիրակի 14 Մայիս 2017 Տօն Երեւման Սրբոյ Խաչին (Յովհաննէս Է 14-23)


Մի պարծենար քու գործերովդ

Այսօր մենք կը տօնենք Սուրբ Խաչի Երեւման տօնը, Երուսաղէմի մէջ, 351 թուականին, Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղեմացիի օրով: Աւելի փայլուն քան արեւի լոյսը, այս խաչի նշանը կ՛երկարէր Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց պարտէզը եւ երեք օր մնաց երկնքի մէջ: Ըստ պատմագիրներուն, այդ օրերուն բազմաթիւ հրէաներ քրիստոնեայ դարձան: Յոյները կը տօնեն զայն Մայիս 7-ին:

Մարդս կը սիրէ պարծենալ իր գործերով. Եւ շատ բնական է որ որոշ հպարտութիւն մը զգանք երբ յաջողութիւններ արձանագրենք։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը ստեղծուած է այս աշխարհի վրայ դեր մը կատարելու համար. Եւ անշուշտ թէ շատ ուրախ կ՛ըլլանք երբ, բաւական յոգնութիւն ու ջանք թափելէ ետք` ի վերջոյ  կ՛իրականացնենք մեր ծրագրած բոլոր գործերը։

Ամենապարզ պաշտօնեայէն սկսեալ մինչեւ ամենամեծ գործատէրը գոհունակութիւն կը զգայ երբ ամէն ինչ յաջող կ՛ընթանայ եւ օրուան վերջը` կրնայ հանգիստ քուն մը քաշել, ապահով ըլլալով թէ իր պարտականութիւնը լաւագոյն կերպով կատարած է։ Նոյնը կը զգայ ամէն ընտանիքի հայր եւ մայր, որոնք ունին պատասխանատւութիւնն ու ծանր պարտականութիւնը լաւագոյն կերպով դաստիարակելու իրենց զաւակները։

Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ յարմարագոյն կերպը յայտնելու մեր գոհունակութիւնը եւ միեւնոյն ատեն օգտակար նպատակի մը ծառայած ըլլալու. կատարել ամէն գործ Աստուծոյ փառքին համար։ Արդէն ինչ բարեմասնութիւն որ ունինք` ստացած ենք Արարիչէն, մեր խելքն ու կամքը, մեր բոլոր յատկութիւններն ու բարեմասնութիւնները աստուածատուր պարգեւներ են, որոնց համար յարատեւ շնորհակալութիւն յայտնելու ենք Տիրոջ եւ փառք ընծայելու իրեն։

Ստոյգ է որ մենք նախ եւ առաջ հոգալու ենք մեր օրապահիկը, ապրելու համար հանգիստ կեանք մը առանց տեւական մտահոգութեան թէ ինչ պիտի ուտենք, կամ ինչ պիտի հագուինք, եւայլն...:  Հարկ է որ ունենանք յարմար բնակարան մը մեզի եւ մեր ընտանիքին համար : Նաեւ աշխատելու եւ ստեղծագործելու ենք, օգտագործելու համար այն բոլոր ձիրքերը զոր Աստուած դրած է մեր մէջ: Այս բոլորը բնական են եւ օգտակար:

Սակայն անոնք կը մնան լոկ նիւթական գետնի վրայ եւ հոգեկան որեւէ արժէք մը չեն ներկայացներ իրենք իրենց մէջ: Անոնք կը բարեփոխուին եւ գերբնական արժէք կը ստանան միայն երբ կատարուին Աստուծոյ փառք մատուցանելու համար:

Կատարել ամէն գործ Տիրոջ մեծագոյն փառքին համար. ահա այս գերագոյն նպատակն է որ կը փոխէ ամէն ինչ աշխարհի վրայ եւ նիւթականը կը դարձնէ հոգեւորի, բարոյականի, գերբնականի:

Օրինակ առնենք Յիսուսէն, որ Աստուած ըլլալով եւ իր Հօր նոյն բնութիւնն ունենալով հանդերձ, չուզեց երբեք պարծենալ ինք իր անձով այլ ամէն ինչ վերագրեց իր Հօր, որ զինք աշխարհ ղրկեց իրագործելու ի յաւիտենից կանխամտածուած իր ծրագիրը մարդկութեան ի նպաստ։

Մենք եւս, սիրելի հաւատացեալներ, ամէն գործի մէջ տեսնենք Աստուծոյ մատը, որպէսզի նոյնիսկ երբ այդ գործը իրականացնենք մեր անձնական ջանքերով, արժանիքն ու պատիւը միշտ վերագրենք Աստուծոյ, որ մեզ ստեղծած է, իսկ մեզի խոնարհաբար  վերապահենք գոհունակութիւնը աշխատելու Աստուծոյ փառքին համար. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.