2017-05-14 13:59:00

«Այսօր եւս կարիքը կայ աղօթքի ու ապաշխարութեան» Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 14 մայիս 2017 կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին  վերյիշեց Ֆաթիիմա կատարած առաքելական ուխտագնացութիւնը ու խօսեցաւ շաբաթ օր սուրբ հռչակուած  Ֆրանչեսքօ  եւ Ճաչինթա փոքրիկ հովիւներու մասին հաստատելով թէ «այսօր եւս կարիքը կայ աղօթքի եւ ապաշխարութեան հայցելու համար դարձի շնորհքը. Հայցելու համար աշխարհի մէջ տիրող եւ  միշտ աւելիով ընդլայնուող պատերազմներուն վերջը, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն մէջ մեծ ու փոքրիկ հակամարտութիւններուն ու բռնութիւններուն կասեցումը որոնք կը խեղաթիւրեն մարդկութեան դիմագիծը»։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խաղաղութեան Թագուհի` Մարիամին բարեխօսութեան յանձնեց պատերազմի մէջ ապրող բնակչութեան ճակատագիրը­, յատկապէս  Միջին Արեւելքի մէջ, ուր փոքրամասնութիւնները, ըլլան քրիստոնեայ ըլլայ մահմետական, թիրախ են հարստահարումի ու ողբերգական բռնութիւններուն։

Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց բոլոր հասարակութիւնները քալելու երկխօսութեան ու հաշտութեան ճանապարհին վրայէն­, կառուցելու համար յարգանքի, անվտանգ ու խաղաղ ապագայ մը, հեռու պատերազմներէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ հրապարակը գտնուող բազմաթիւ մայրերուն դիտել տալով թէ «մեր ընկերութիւններուն ապագան բոլորէն կը պահանջէ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել յատկապէս դաստիարակչական մարզէն ներս ինչպէս նաեւ կեանքի ու մայրութեան նկատմամբ։ Ան ապա հրաւիրեց հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները պահ մը լռութիւն պահելու եւ ամէն մին իր սրտին խորքին մէջ աղօթելու իր մօր համար։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան կանուխ այցելութիւն տուաւ Աստուածամօր նուիրուած Հռոմի Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա ուր սովորութեան համաձայն ամէն մէկ միջազգային ճամբորդութենէն առաջ ու ետք ուխտագնացութիւն կը կատարէ Տիրամօր հովանիին յանձնելու առաքելութիւնը ապա շնորհակալ ըլլալու Անոր առաքելութեան յաջողութեան համար։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը ճերմակ ծաղիկներով ծաղկեփունջ մը նուիրեց Տիրամօր ու պահ մը ծածուկ աղօթքէ ետք վերադարձաւ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.