2017-05-13 19:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրը Փորթուկալի նախագահին ''Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Փորթուկալէն վերադարձիս, ուր կարողացայ ուխտագնացութիւն կատարել Ֆաթիմայի Սրբավայր, այնտեղ հանդիպելով նաեւ բազմաթիւ հիւանդներուն, որոնց շարքին էին նաեւ իտալացի հիւանդներ­, կ՛ուզեմ ձեզ ողջունել Պարոն նախագահ, յիշելով այս հոգեւոր իմաստալից փորձառութիւնը, Տիրոջ նկատմամբ երախտագիտութեան հոգիով''։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զինք` Փորթուկալէն Իտալիա փոխադրող թռիչքի ընթացքին, Իտալիոյ նախագահին յղած հեռագիրին մէջ, որուն աւարտին ան ապահովեցուց իր կաղօթներն ու օրհնութիւնները` համայն Իտալիոյ ժողովուրդին։

Ֆրանչիսկոս Պապ նմանօրինակ հեռագիրեր ուղղեց նաեւ Ֆրանսայի նախագահին եւ Սպանիոյ թագաւորին, ու Փորթուկալի օդային տարածքին վրայէն  անցնելով նաեւ Փորթուկալի նախագահին որուն մէջ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Անոր ու Փորթուկալի սիրելի ժողովուրդին իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար, ապահովեցնելով իր աղօթքները ու համայն փորթուկալցիներուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.