2017-05-13 09:08:00

Նախագահ Սարգսեանը ընդունեց Հայաստանի մէջ պապական նուիրակը


Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ուրբաթ, 12 մայիս 2017-ին, ընդունած է Հայաստանի մէջ  պապական նուիրակ, Մարեք Սոլչինսքի արքեպիսկոպոսը  (նստավայրը` Թիֆլիս)` դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է պապական նուիրակին վերջին հինգ տարիներուն անոր աշխատանքին, Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններու  ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն եւ անձնական մեծ ներդրումին համար:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ վերջին հինգ տարիները նոր հնչեղութիւն հաղորդեցին Հայաստան-Վատիկան միջպետական յարաբերութիւններուն` ամրապնդելով բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ առկայ փոխըմբռնումը: Նախագահ Սարգսեանի համոզումով, այդ ժամանակաշրջանին մէջ տեղի ունեցած  պատմական իրադարձութիւնները` Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հիմնումը, բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց կարգին` Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի «Այցելութիւնը առաջին քրիստոնեայ երկիր»` Հայաստան, պապին կողմէ ի լուր աշխարհի միջեկեղեցական պատարագի մատուցումը հայ ժողովուրդի ցեղասպանուած որդիներու յաւերժ յիշատակին, աստուածաշնորհ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետի» տիտղոսի շնորհումը, նոր բովանդակութեամբ հարստացուցին միջպետական օրակարգն ու լրացուցիչ կարելիութիւններ բացին համագործակցութեան հետագայ խորացման համար:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ  Մարեք Սոլչինսքի արքեպիսկոպոսը իր հետագայ առաքելութեան իրականացման ժամանակ ալ յիշէ Հայաստանը եւ շարունակէ մնալ մեր երկրին եւ  ժողովուրդին լաւ բարեկամը:

Գերապայծառ Մարեք Սոլչինսքի շնորհակալութիւն յայտնած է  հանրապետութեան նախագահին` իր գործունէութեան ամբողջ ընթացքին ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ ընդգծած, թէ երախտապարտ է, որ իրեն կարելիութիւն եւ շնորհ տրուեցաւ մասնակցութիւն ունենալու երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ու խորացման ուղղուած պատմական իրադարձութիւններու կայացման:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.