2017-05-13 09:16:00

«Լարուածութեան մեղմացման գօտիներու հաստատման նպատակը քաղաքայինները պաշտպանելն է»Ասատ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պիելոռուսական «Օ.Էն.Թի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման նպատակը նախ եւ առաջ «մինչեւ մեր եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ քաղաքական քայլերու ձեռնարկելը» քաղաքայինները պաշտպանելն ու արիւնահեղութիւնը նուազեցնելն է:

Ան ըսաւ, որ նշեալ գօտիներուն մէջ գոյութիւն ունի քաղաքայիններէ եւ ահաբեկիչներէ կազմուած խառնուրդ մը, իսկ ահաբեկիչները իրենց կարգին ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ այլ խմբաւորումներու խառնուրդ մըն են:

Ասատ ըսաւ, որ այդ գօտիներու ստեղծման նպատակներէն է նաեւ փափաքող զինեալներուն առիթ ընծայել կառավարութեան հետ հաշտութիւն գոյացնելու, ճիշդ ինչպէս պատահած էր այլ շրջաններու մէջ:

«Համաձայնութիւնը նաեւ առիթ մըն է այլ զինեալ խմբաւորումներուն, որոնք կ՛ուզեն այդ շրջաններէն վտարել ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչները», աւելցուց Ասատ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.