2017-05-12 16:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրերը դէպի Ֆաթիմա Թռիչքի ընթացքին


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 12 մայիս 2017-ին,  դէպի Ֆաթիմա թռիչքի ընթացքին, սովորութեան համաձայն Ֆրանիչսկոս պապ  հեռագիրեր յղեց,  հողային տարածքներու վրայէն սաւառնած երկիներու նախագահներուն` Իտալիոյ­ ֆրանսայի եւ Սպանիոյ ։

Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին յղած հեռագիրին մէջ սրբազան քահանայապետը գրեց, թէ  մինչ կը թողու Իտալիոյ հողերը՝ Փորթուկալ մեկնելու համար՝ Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներու 100-րդ ամեակի առիթով, այնտեղ հանդիպելու համար ուխտաւորներուն հետ ու յատկապէս հիւանդներուն, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներէն այդ սրբավայրը կը փութան լոյս եւ յոյս գտնելու այնտեղ, Իր ողջոյնները կը  փոխանցէ, ու առաքելական օրհնութիւնները կը շնորհէ Իտալիոյ համայն ժողովուրդին։

Իսկ Ֆրանսայի եւ Սպանիայի կառավարիչներուն յղած հեռագիրերուն մէջ Սրբազան հայրը ողջունած է զանոնք ապա իր աղօթքը ապահովցուցած է Ֆրանսայի եւ Սպանացի ժողովուրդներուն մաղթելով անոնց խաղաղութիւնն ու անդորրութիւն։  

Նշենք , թէ Հինգշաբթի,  11 մայիս 2017-ին, Փորթուկալ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն այցելեց Հռոմի Տիրամօր նուիրուած  Մարիա Մաճճորէ տաճար, ուր՝  Սալուս Փոփուլի Ռոմանի  սրբապատկերին առջեւ աղօթք կատարեց, Անոր նուիրելով փունջ մը ծաղիկ։

Յայտնենք նաեւ թէ նախ քան Վատիկանէն մեկնումը Ֆրանչկսոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթային մէջ հանդիպում ունեցաւ  թշուառ կացութեան մէջ ապրող վեց կիներու հետ։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.