2017-05-12 11:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքը Վատիկանի աստղադիտարանի գիտաժողովի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 12 մայիս, 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Փորթուկալ մեկնելէն առաջ, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճէն ներս,  հանդիպեցաւ Վատիկանի աստղադիտարանի կողմէ կազմակերպուած  ուսումնաժողովի մասնակիցներուն։

Անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը, բարձր արժեւորեց ուսումնաժողովի  ընթացքին արծարծուած նիւթերը որոնք, ըսաւ Ան, կը հային  մարդոց խղճին խորքին դպչող հարցերու, ինչպէս տիեզերքի սկզբնաւորութիւնն ու անոր զարգացումը, վայրերու ու ժամանակի հարցեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, թէ ուսումանժողովի նիւթերը, գիտական, իմաստասիրական, աստուածաբանական ծիրէն ներս, յոյժ կարեւոր  ըլլալէ զատ, անոնք կարեւոր  են նաեւ հոգեւոր կեանքի մարզէն ներս եւ այս առնչութեամբ նշեց թէ ինչպէս կաթողիկէ վարդապետ եւ տիեզերաբան`  Գերյ. Ժորժ Լըմեթրը` պաշտպանած է հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ մեթոտաբանական յստակ տարբերութիւնները, այդ երկու ծաւալները նկատելով  իրարմէ տարբեր, որ սակայն իր կեանքին մէջ ներդաշնակօրէն իրարու միացան։  Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերեց   սաղմոսարանէն հատուածներ ու Ալպերթ Այնէշթայնի խօսքը որով ան կը հաստատէր թէ ՝՝աշխարհի յաւիտենական խորհուրդը` անոր հասկացողութիւնն է՝՝։

Խօսքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց, թէ տիեզերքի գոյութիւնը քաոսի կամ պատահականութեան արդիւնքը չէ, այլ աստուածային իմաստութեան արդիւնք ապա խօսքը եզրափակեց գնահատելով ժողովի մասնակիցներուն աշխատանքը ու քաջալերելով զանոնք յարատեւելու ճշմարտութեան որոնումին մէջ։

՝՝Պէտք չէ երբեք վախ ունենալ ճշմարտութենէն, եւ ոչ  ալ պատսպարուիլ փակումի կեցուածքներուն մէջ այլ՝ ամենայն հեզութեամբ  ընդունիլ գիտութեան յայտնաբերումները ու քալելով դէպի մարդկութեան գիտութեան արուարձաններ՝ ուր կարելի է ապրիլ Տիրոջ իսկական փորձառութիւնը, որ կարող է լիացնել մեր սրտերը՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.