2017-05-12 09:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆաթիմայի մէջ։ Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ֆաթիմայի տիրամօր արձանի հեղինակն է քանդակագործ Ֆեռեյրա Թետմիմ, որ 1919-ին, ընդառաջելով ուխտաւորներուն բաղձանքին՝   Տիրամօր երեւումներուն վայրին մէջ  ունենալ Տիրամօր արձան մը, իրագործեց երկնային մայրը պատկերացնող արձանը,  հիմնուելով Հայր Մաունէլ Ֆորմիկաուին փոխանցած տեղեկութիւններուն որոնք իրենց կարգին հիմնուած էին երեք փոքրիկ հովիւներուն տեղեկութիւններուն վրայ։

Արձանը Տիրամօր երեւումներու մատրան մէջ զետեղուած է  1919-ի՝ յունիս 13ին։  

Տիրամօր արձանին ձեռքերուն մէջ  զետեղուած վարդարանը, նուէրն է Փորթուկալի կիներուն, ի շնորհակալութիւն Փորթուկալը Բ աշխարհամարտէն փրկած ըլլալուն համար։ Ան գործն է 12 արուեստագէտներու, որոնք երեք ամիսներ ամբողջ աշխատած են զայն իրագործելու համար։ Վարդարանը կը կշռէ 1.2 քկ ոսկի որուն վրայ զետեղուած են  313 մարգարիտներ եւ 2679 թանկարժէք քարեր։  Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանին վարդարանի ամենէն թանկարժէք իրերէն մին կը համարուի, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին դէմ 26 ապրիլ 1981-ին գործադրուած մահափորձի հետեւանքով Քահանայապետին կուրծքը խոցող փամփուշտը։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Պապը ստէպ ըսած էր, թէ Ֆաթիմայի Տիրամօր մայրական բազուկն է որ այլ ուղղութեան շեղած է այդ փամփուշտը,  թոյլ տալով Իրեն վերապրիլ։ Այսուհետեւ Սուրբ Պապը  փամփուշտը նուիրեց Ֆաթիմայի Տիրամօր՝  26 մարտ 1984-ին։

Տիրամօր արձանը որ զանազան առիթներով ենթարկուած է վերանորոգումի աշխատանքներուն զետեղուած է Տիրամօր Երեւումներուն մատրան մէջ,   ապակիէ շինուած  ապահով բեղկի մը մէջ։ 2009 էն սկսեալ,  Ֆաթիամի Սրբավայրը, համացանցի միջոցաւ 24 ժամ հետեւողութեամբ,  կը հեռարձակէ  Տիրամօր արձանին պատկերը։ Այդ օրէն  ի վեր, Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանի պատկերը, ամբողջութեամբ  տրամադրուած է բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին տեսնել Փոքրիկ հովիւներու երեւցող Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը։.    

Նշենք թէ, Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը, Տիրամօր երեւումներուն մատրան մէջ զետեղուելէ ետք՝ 1920-ի յունիսին,  մատուռէն  դուրս բերուած է 12 անգամ, վերջին անգամ պատահեցաւ  2013-ին,  Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.