«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդը հաստատած է Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն համար Շենկեն գօտիի երկիրներ կարճաժամկէտ ճամբորդութիւններու համար առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն սահմանելու օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը: «Ասիկա քաղաքական վերջին որոշումն է ուքրանացիներու առանց մուտքի արտօնագիրի ճամբորդութիւններու ճամբուն վրայ», կը գրէ կայքը:
Առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան սահմանումին համար մնացած է երկու ձեւական ընթացակարգ` օրէնսդրական աքթը պէտք է ստորագրեն Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը եւ Մալթայի ներկայացուցիչը, որ այժմ կը նախագահէ Եւրոպական Միութեան, իսկ ատկէ ետք պիտի հրապարակուի Եւրոպական Միութեան պաշտօնական ամսագիրին մէջ:
Որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ հրապարակումէն 21 օր ետք:
Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, ստորագրումը տեղի կրնայ ունենայ 17 մայիսին, հրապարակումը` 22 մայիսին, իսկ առանց մուտքի արտօնութեան ճամբորդութիւններուն սկիզբը` 11 յունիսին:
6 ապրիլին Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն համար առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան մասին օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը վաւերացուցած էր Եւրոպական խորհրդարանը:
Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ յայտարարեց, որ կը պատրաստուի յաջորդ շաբաթ Սթրազպուրկ այցելութեան ընթացքին ստորագրել այդ օրէնքը:
«Այո՛, մենք ատիկա կատարեցինք: Տակաւին նոր Եւրոպական Միութեան նախարարներու խորհուրդը որդեգրած է զայն` Ուքրանիոյ քաղաքացիներուս, առանց մուտքի արտօնագիրի ճամբորդութեան իրաւունքի տրամադրման մասին վերջնական որոշումը», յայտարարած է Փորոշենքօ Դիմատետրի վրայ հրապարակուած տեսագրութեան մէջ:
«17 մայիսին Սթրազպուրկի մէջ, ինչպէս մենք համաձայնած ենք մեր եւրոպացի ընկերներուն հետ, հանդիսաւոր կերպով պիտի ստորագրուի համապատասխան օրէնսդրական աքթը: Ատիկա հաւանաբար պիտի ըլլայ նախագահի պաշտօնին վրայ երեք տարուան ընթացքին իմ կարեւորագոյն այցելութիւններէս մէկը», աւելցուցած է Փորոշենքօ:
Նախագահը յոյս յայտնած է, որ որոշումը հաւանաբար ուժի մէջ մտնէ 11 յունիսին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |