2017-05-12 08:07:00

Աւստրալիայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի մասին պատմական հակիրճ ակնարկ։


(Ռատիօ Վատիկան) Աւստրալիայի Հայ Կաթողիկէ համայնքը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-րդ Յոբելեանը։

Սիտնէյի հայ կաթողիկէ հայ համայնքը ծնունդ առած է1967 թուականին­, երբ Յորդանանէն եւ Եգիպտոսէն ժամանած մի քանի ընտանիքներ կը համախմբուին մէկ օճախի տակ, հիմնելով թաղական խորհուրդ մը  որ խնդրանք կը ներկայացնէ` ժամանակի  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս - Պատրիարք`  գերերջանիկ  Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ Պաթանիանին հովիւ մը ուղարկելու Սիտնէյ։

Համապատասխանելով այդ խնդրանքին երջանկայիշատակ Պատրիարքը` Հայր Սարգիս Ուզունեանը կ՛անուանէ Սիտնէյի Հայ Համայնքի Հովիւ ու զայն առաքելութեամբ կ՛ուղարկէ Աւստրալիա ուր կը հասնի 1967-ի հոկտեմբերին եւ իր անդրանիկ պատարագը կը մատուցէ Լատիններու Եկեղեցւոյ մէջ։ 11 տարիներ շարունակ Հայր Ուզունեան կը շարունակէ իր հովուական առաքելութիւնը կատարել ու ծառայութիւն մատուցել Հայ Կաթողիկէ համայնքին, սուրբ խորհուրդները մատակարարելով միշտ Սիտնէյի զանազան եկեղեցիներուն մէջ։

1977-ի Հոկտեմբերիկն Հայր Ուզունեանը Մեթոտիստ Եկեղեցիէն կը գնէ անոնց աղօթատեղին ու զայն կը դարձնէ ժողովրդապետութիւն։ 1980-ին Հայր Ուզունեան կ՛ուղարկուի Մելպուրն այնտեղ եւս կազմակերպելու համար հայ կաթողիկէ համայնքը ու անոր տեղ` 1982-ին կ՛անուանուի Հայր Անտոն Թիւթիւնճեանը որ կը պաշտօնավարէ մինչեւ 2002 թուական։

Հայր Անտոն Թիւթւնճեանին կը յաջորդէ Հայր Բարսեղ Սուսանեանը որ մինչեւ օրս կը կառավարէ Սիտնէյի ''Վերափոխման'' անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցին եւ ժողովրդապետութիւնը, եւ է նաեւ համայն Աւստրալիայի հայ կաթողիկէներու հոգեւոր հովիւ։

Աւստրալիայի Հայ Կաթողիկէ համայնքը կազմուած է գրեթէ 1000 ընտանիքներէ որոնց 60 առ հարիւրը կ՛ապրին Սիտնէյի մէջ, 15 առ հարիւրը Մելպուրն իսկ մնացածները տարածուած են այլ քաղաքներու մէջ։

Սիտնէյի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան ձեռնարկներուն մաս կը կազմէ ի մէջ այլոց  շաբաթօրեայ դպրոց մը, ուր 8 ուսուցչուհիներ, հայոց պատմութիւն, մշակոյթ եւ կրօն կ՛ուսուցանեն աւելի քան 50 երախաներու։

Ժողովրդապետութեան ապագային ծրագիրներու մէջ կայ ծերանոցի մը կառուցումը ապա նոր Եկեղեցւոյ մը կառուցումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.