2017-05-11 08:35:00

Մարոնի Եպիսկոպոսները կը պահանջեն փութացնել ընտրական արդար նոր օրէնքի մը մշակումը։


Մարոնի եպիսկոպոսներու ժողովը երէկ գումարեց ամսական իր հերթական նիստը,  որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին երկրին ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս` հրատապ հարցերու լուծման գծով տարուող ճիգերու լոյսին տակ:

Ժողովի աւարտին եպիսկոպոսները հաղորդագրութեամբ մը պատկան կողմերուն կոչ ուղղեցին փութալու ընտրական նոր օրէնքի մշակման` փրկելու համար երկիրը սահմանադրական տագնապէ: Եպիսկոպոսները իրենց կոչով պահանջեցին բանաձեւել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ ապահովէ բոլորին արդար ու ճիշդ ներկայացուցչութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.