2017-05-11 09:51:00

Հայաստան մասնակցեցաւ Թեհրանի գիրքի 30-րդ միջազգային ցուցահանդէսին


Թեհրանի գիրքի 30-րդ միջազգային ցուցահանդէսին, որ մկենարկած է Մայիս 2-ին, իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Հայաստանը` ներկայացնելով տարբեր լեզուներով տպագրուած գիրքեր:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Մայիս 4-ին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեան այցելած է հայկական տաղաւար եւ հանդիպում ունեցած տաղաւարի պատասխանատու Կարօ Վարդանեանի հետ:

Դեսպան Թումանեան նաեւ հանդիպած է «Շահր-է Աֆթաբ» ցուցահանդէսներու կեդրոնի ղեկավար Մ. Սէյիտիի հետ, որոնք միասնաբար քննարկած են դեսպանութեան ու ցուցահանդէսներու կեդրոնին միջեւ յետագայ գործակցութեան առնչուող հարցեր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.