2017-05-11 14:25:00

Կարդինալ Փարոլին Ֆաթիմայի ուխտագնացութեան մասին. Մարիամ երեւցաւ ամենայետիններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ֆաթիմայի պատգամը քրիստոնէութեան կեդրոնական պատգամն է, աւետիսն է թէ Յիսուս Յարեաւ եւ թէ Ան պատմութեան Տէրն է'' այսպէս արտայայտուեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ֆաթիմա կատարելիք առաքելական ուխտագնացութեան մասին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, ուր ընդգծեց Նորին Սրբութեան մեծ ջերմեռանդութիւնը Տիրամօր հանդէպ ապա հաստատեց թէ Աստուածամայրը չ՛ուզեց երեւնալ հարուստներուն ու աշխարհի հզօրներուն այլ մանուկներուն որոնք այդ ժամանակ նկատուած են ընկերութեան ''մնացորդացները''։

Տիրամայրը անոնց փոխանցեց հակահոսանք պատգամ մը -ըսաւ Կարդինալ Փարոլին դիտել տալով թէ այդ ժամանակ աշխարհը կը գտնուէր պատերազմի ու վրէժխնդրութեան հոգիի մէջ, Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետի խօսքով  ''անիմաստ սպանդի'' ժամանակաշրջանի մէջ­, ու Տիրամայրը խօսեցաւ սիրոյ, ներումի ու նուիրումի մասին։

Կարդինալ Փարոլին ապա հաստատեց թէ ''Սրբավայրերը ընդհանրապէս Հոգիին բուժարաններ կը նկատուին'' ապա ակնարկելով Ֆաթիմայի Սրբավայրին հաստատեց թէ այնտեղէն բխող պատգամը քրիստոնէութեան կեդրոնական պատգամ է` որ է ըսել Յիսուս Յարութիւն առաւ, Յիսուս կենդանի է. Յիսուս պատմութեան Տէրն է ու այս առընչութեամբն Ֆաթիմայի մարգարէական առաքելութիւնն է վերյիշեցնել Եկեղեցւոյ իր առաքելութիւնը` որ կը նոյնանայ Ֆաթիմայի պատգամին հետ։

Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը անդրադարձաւ հուսկ  Ֆաթիմայի ուխտագնացութեան ընթացքին կայանալիք Ֆրաչեսքօ եւ Ճաչինթա երանելիներու սրբադասման արարողութեան, հաստատելով թէ այդ երկու մանուկները իրենց պարզութեան մէջ ընթացան դէպի Աւետարանի սիրտը, Տիրամօր անաղարտ սիրտի միջոցաւ, սիրտ մը որ գիտէ ընկալել ու գիտէ համապատասխանել Աստուծոյ անհուն սիրոյն եւ Ողորմածութեան, սիրտ մը որ գիտցաւ ապրիլ` ներշնչուելով Խաչեալի ազատութենէն։ Այդ մանուկները ահա այսօր մեզի կը յայտնեն այս իրողութիւնը` իրենց սրբութեան իշխանութեամբ, զոր եկեղեցին կը ճանչնայ անոնց - հաստատեց Կարդինալ Փարոլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.