2017-05-11 08:28:00

Ժընեւի մէջ Սուրիոյ հարցով բանակցական հանդիպումներ 16 մայիսին


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Ժընեւի մէջ բանակցութիւններուն պիտի վերսկսի 16 մայիսին, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով տը Միսթուրայի գրասենեակի տարածած յայտարարութեան:

Բանակցութիւններու վեցերորդ փուլին տը Միսթուրա կ՛ակնկալէ պատուիրակութիւններուն հետ իր աշխատանքը ամրապնդել Ժընեւի մէջ համաձայնեցուած օրակարգին համաձայն:

Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ասթանայի մէջ 4 մայիսին ձեռք բերուած` Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ  կը գործադրուի








All the contents on this site are copyrighted ©.