2017-05-10 11:18:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Աղօթողը Խտրութիւն Չի՛ Դներ

Աղօթքի ու աղօթողներու մասին թերեւս շատ խօսուած է քեզի, կամ՝ քարոզուած աղօթանուէր կեանքով ձեռք բերուած յաջողութիւններու եւ առաքինութիւններու մասին: Սակայն, պէտք է նաեւ պահ մը խորհիլ աղօթող մարդուն ունեցած յատկութիւններուն եւ զայն բնորոշող յատկանիշներուն մասին:

Ո՞վ կ’աղօթէ եւ ինչո՞ւ: Այս հարցումներուն պատասխանները նոյնքան պարզ պէտք է ըլլան, որքան հարցումները իրենք: Կ’աղօթէ բնականօրէն աստուածավախ մարդը: Աղօթքը բոլոր կրօնքներուն հոգին կը կազմէ, անոնց բուն էութիւնը: Իսկ պատուանդանը, որուն վրայ կը կանգնին կրօնքները՝ Աստուածադիր բարոյական օրէնքն է, որ կեանքի փոխյարաբերութիւնները կը կարգաւորէ, բնակելի միջավայրի վերածելով երեւելի այս աշխարհը:

Երկրորդ, կ’աղօթէ՝ իր կեանքին մէջ նիւթական թէ բարոյական նեցուկ փնտռող մարդը, որ խնդրամատոյց կ’ըլլայ Աստուծոյ, իր տագնապալի վիճակի բարելաւման համար: Այս տագնապը կրնայ նիւթական ծանր կացութիւն մը ըլլալ եւ կամ մարդկային կեանքի մէկ տխուր երեւոյթը, որ աղօթքին իբրեւ պատասխան կրնայ դրական գոյն ստանալ: Այս տագնապը կրնայ նաեւ յանկարծական վտանգ մը ըլլալ, որուն դիմաց անճրկած՝ ենթական կը դիմէ Աստուծոյ՝ գերագոյն ուժին, Անոր գերմարդկային կարողութեամբ փրկուելու յոյսով: Անձնակեդրոն խնդրանքներու փունջ մը կը կազմեն սոյն երկրորդ տեսակի աղօթքները, որոնք Աստուծոյ գահին դիմաց կը դրուին, յարմար լուծումներու ակնկալութեամբ:

Երրորդ, կ’աղօթէ ուրիշին համար, այդ «ուրիշը» գուցէ ըլլայ ծանօթ կամ անծանօթ, հարազատ թէ օտարական, բարեկամ թէ թշնամի, անմեղ թէ մեղաւոր: Յիսուսի ալ տուած պատուէրը այս էր, նոր մարդը հինէն տարբեր ընելու եւ իր հետեւորդ քրիստոնեան, ոչ քրիստոնեայէն տարբեր ընելու միտումով (Մտ. 5.44): Այս երրորդ տեսակի աղօթողները կը զատորոշուին առաջին երկու տեսակի աղօթողներէն: Առաջինին պարագային՝ փառաբանական, օրհնաբանական աղօթատեսակը կը պարզուի մեր դիմաց, երբ մարդ էակը իր վայելած այս աշխարհին ու անոր բոլոր բարիքներուն համար երախտագիտութեամբ կը դիմէ Աստուծոյ ու կ’օրհնաբանէ Անոր անունը:

Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով ու նմանութեամբ (Ծն. 1. 26), ինչպէս կը կարդանք Աստուածաշունչ մատեանին մէջ: Այդ պատկերն ու նմանութիւնը ֆիզիքական իմաստով պէտք չէ ըմբռնել անպայման: Այլապէս մարդոց իրարմէ ունեցած տարբերութիւնները գործնական պիտի չըլլար միացնել:

Աստուծոյ պատկերին մարդուն ունեցած նմանութիւնը, ամէնէն աւելի աղօթքի պահուն ի յայտ կու գայ, երբ այդ պատկերը կ’արտացոլայ մարդուն հոգիի հայելիին մէջէն:

Մեծագոյն անհեթեթութիւնը, սակայն, կը մնայ աղօթքի մէջ իսկ խտրութիւն դնելու երեւոյթը: Եկեղեցին աղօթքներ սահմանած է մարդոց համար, կենդանութեան թէ անոնց մահէն ետք կատարելու համար ուրիշին՝ մեր նմանին: Աստուծոյ գործակից ըլլալու մարդկային մեր պատիւը ամէն բանէ առաջ պայման ունի ուրիշին համար աղօթելը, որովհետեւ ատով Աստուծոյ պատկերը կ’արտացոլացնենք

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ աղօթելու պարագային պէտք չէ խտրութիւն դնել մարդոց միջեւ, բոլորի համար աղօթել անխտիր։

Մեղաւորին համար աղօթելը եւ առանց պայմանի աղօթելը շատ աւելի մեծ առաքինութիւն է, որուն ի պատասխան կրնայ Աստուծոյ գութը շարժիլ: Հոգեհանգստեան պաշտօնին ընթացքին երգուող շարականը Աստուծոյ կը ձգէ դատելու իրաւունքը, սակայն գութ կը հայցէ ննջեցեալ հոգիներուն համար, որովհետեւ բոլորս ալ «գինք սուրբ արեան Քո եմք», կը գրէ շարունակութեան վրայ (շարական):

Դատելու իշխանութիւնը Աստուծոյ իրաւասութիւնն է: Ան կրնայ աւազակն ու պոռնիկը Արքայութեան արժանացնել… (հմմտ. Ղկ. 23.40-43, Յհ 8.11):








All the contents on this site are copyrighted ©.