2017-05-09 09:25:00

Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներուն հարիւր ամեակը թող ըլլայ մեր հոգիներուն ճշմարիտ նորոգութեան առիթ մը։


Ֆաթիմայի մէջ Ս. Կոյս Մարիամին երեւումներուն  հարիւրամեակի յոբելենական տարին (1917-2017 ) առիթ մըն է  մտածելու Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Կոյսին դերի եւ Քրիստոսի մասին։

Օրհնուած երթ մըն է այն պահը՝ երբ մենք կը մտածենք  այն միջոցառումներուն մասին որոնք ձեւաւորուեցան Մարիամի այն հրաշալի երեւումներուն առիթով, ուր Աստուածամայրը մեզի հետ խօսեցաւ երեք փոքրիկներուն՝ Ֆրանչիսկոսին, ասոր քրոջ՝ Յակինթային եւ ասոնց ազգականին՝ Լուչիյային  իր յայտնութեան  միջոցաւ։

Ֆաթիմայի երեւումներուն ընդմէջէն՝ Ս. Կոյս Մարիամ իր ցուցմունքը կը կատարէր փոքրերուն եւ կը յորդորէր անոնց  աշխատելու իր որդոյն՝ Յիսուսի Քրիստոսի, Փրկիչի կամքին համաձայն։ Ս. Կոյսը անոնց կը տեղեկացնէր   Յիսուսի ցանկութիւնը տալու անսահման եւ նոր ողորմութիւն համայն աշխարհին՝ Մարիամի մաքուր սիրտին մարդոց երկրպագութեան միջոցաւ:

Ինչպէս ըսած է սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Սրբազան Քահանայապետը այս երեւումներու մասին, « եկեղեցին կը ճանչնայ   իրադարձութիւնները Ս. Կոյս Մարիամին Ֆաթիմայի մէջ, որովհետեւ այս երեւումները կը կրեն բովանդակութիւնը եւ հրաւէրը  Աւետարանին» :

Այս պատճառով է որ Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներու յոբելեանին առիթով մենք մեզ կը գտնենք հոգեփոխութեան մէջ որովհետեւ Աստուածամօր կոչը մեզի կը յիշեցնէ  մեր քրիստոնէական կոչումը ու հրաւէրը:

Ս.Կոյս Մարիամ մեզ կը հրաւիրէ աղօթելու Տէր Ողորմեան ամէն օր որպէսզի  Աստուած խաղաղութիւն հաստատէ աշխարհին վրայ, ան նաեւ կը հրաւիրէ մեզ քալելու ապաշխարութեան ճամբէն,  մտնելու Յիսուսի աշակերտութեան ճշմարիտ ճամբան։ Այս աղօթքներով Աստուած առատութեամբ մեզի կու տայ իր ողորմութիւնը եւ շնորհքը:

Մենք միշտ կը գտնուինք Ս. Կոյս Մարիամին սիրտին մէջ, այն սիրտին՝ որ լեցուն է Աստուծոյ խօսքերով, որոնք  յաւիտենական կեանքի հրաւէրներ են։ Անոնք մեզի ցոյց կու տան  յաւիտենական կեանքի ճանապարհը ճանչնալով Հայրը եւ իր Որդին՝ այն  որ  Հայրը ղրկեց աշխարհ :

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի, Սուրբ  Յակինթայի եւ քոյր Լուչիյայի օգնութեամբ պիտի դիմաւորենք այս յոբելեանը, յայտարարելով բոլորին որ մենք Մարիամի որդիները ենք, պիտի մնանք հաւատարիմ Անոր կոչին որպէսզի մենք մեզ դնենք Անոր օրհնուած ձեռքերուն մէջ որպէսզի մեզ տրամադրէ իր որդիին՝ Յիսուսի Քրիստոսի, որմէ  խնդրենք  եւ յոյս ունինք որ մեզի պիտի տայ շնորհքը եւ ողորմութիւնը հեռու պահելու մեր հոգիները չարիքէն :

Ի փառս Սուրբ Երրորդութեան , Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ , այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.