2017-05-09 08:35:00

Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ. Աղերսանք Աստուածամօր Հայրենիքի համար։


Քեզի կ՛ապաւինինք Ամենասրբուհի, Գերագոյն եւ հրաշալի,
Եւ բաշխող ամէն բարութիւններու։
Բարեխօսութեանդ աղօթենք, Միացուր աղաչանքը մեր սուրբ հայրերուն` բարի եւ բազմագութ Խաչապաշտ իր հայ ժողովուրդին հետ, Որ է ի սփիւռս աշխարհ, եւ ընծայէ Որդիիդ`որպէսզի շնորհէ Սէր, միութիւն եւ հաւատարմութիւն։

Վերստին թող համախմբէ մեզ, Իր բազուկովն արդարութեան, մեր կարօտներու հայրենիքին մէջ, ուր մեր հայրերը սորվեցան կանչել անունն Տիրոջ եւ ապաւինիլ ամենօրհնեալիդ Հովանիին։

Մայր Սուրբ, Քու բարեխօսութեամբդ թող դարձեալ գարնավար Հայաստանի մէջ­, հանդիպին եւ համբուրուին
Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն
Լռեն՚ պատերազմները,
Ծլին ու ծաղկին սէրն ու միութիւնը,
Եւ հնչեն անլռելի ձայնով`
Փառք ի բարձունս
Եւ Մեծացուսցէն գոհութեան։

Մենք կ'ապաւինինք հովանիին տակ քու պաշտպանութեանդ,
Ս. Աստուածածին։ Մի՚ մերժեր մեր աղօթքները,
Այլ միշտ փրկէ մեզ ամէն վտանգէ,
Ով կոյս փառաւորեալ եւ օրհնեալ։

Մենք քեզի կ'ապաւինինք, որ Մայրն ես եւ աղախինը Քրիստոսի,
Եղիր մեզի բարեխօս, որպէս զի կանչենք
Անունն Տիրոջ
Եւ քեզ մեծարենք ու պատուենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.