2017-05-09 10:06:00

Արցախի «Նոր Կիլիկիա» գիւղի տուները կը տրուին Արցախի նահատակներու ընտանիքներուն


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մամլոյ գրասենեակը կը  հաղորդէ, թէ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի մէջ «Նոր Կիլիկիա» անունով գիւղ մը հաստատուեցաւ իր նորակառոյց բնակարաններով եւ անհրաժեշտ կառոյցներով ու յարմարութիւններով: Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Արցախի իշխանութեան յատուկ կարգադրութեամբ «Նոր Կիլիկիա»-ի տուները առաջնահերթութեան կարգով պիտի յատկացուին Արցախի նահատակներու ընտանիքներուն:

Կաթողիկոսութիւնը կը յայտնէ, որ «Նոր Կիլիկիա» գիւղի բնակարաններու շինութեան երկրորդ հանգրուանը աւարտած է եւ պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 8 մայիսին: Պաշտօնական բացումին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.