2017-05-08 10:50:00

Մոկերինիի բանբերին յայտարարութիւնը Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման մասին


«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի բանբերը տարածած է Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման վերաբերեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է.

«Մենք կը գնահատենք ԵԱՀԿ-ին նախագահող երկիրներու` Գերմանիոյ, իսկ այժմ արդէն Աւստրիոյ շարունակական ջանքերը Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի առաքելութիւնը երկարաձգելու վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի որոշումին մէջ տեղ գտած ձեւակերպումներուն շուրջ ծագած խնդիրը հարթելու ուղղութեամբ:

«Մենք այդ հարցին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերած ենք:

«Առաքելութեան երկարաձգման հարցին մէջ համաձայնութեան հասնիլը մեծագոյն կարեւորութիւնը ունի:

«ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան ԵԱՀԿ-ի սկզբունքները կեանքի կոչելու հարցին մէջ: Եւրոպական Միութիւնը լիովին յանձնառու է եւ կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան: Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակը, որ մեծ արժէք ունի ԵԱՀԿ-ի համար առհասարակ, այժմ վտանգուած է: Երեւանի գրասենեակը Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի վերջին ներկայացուցչութիւնն է: Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներուն մէջ ԵԱՀԿ-ի նշանակալից ներկայութեան: Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակը կարեւոր դեր ունի զինք հիւրընկալող երկրին` Հայաստանի կարիքները բաւարարելու տեսանկիւնէն:

«Ազրպէյճանի բարձրացուցած մտահոգութիւնը, թէ Երեւանի գրասենեակը պէտք չէ ներգրաւուած ըլլայ տագնապին առնչուող գործունէութեան մէջ, իր արտացոլումը գտած է աւստրիական նախագահութեան առաջարկած ձեւակերպումներուն մէջ, եւ հիւրընկալող երկիրը ընդունած է այդ լուծումը: Այն, որ ատիկա եւս արդիւնք չէ տուած հիասթափեցնող է:

«Ստեղծուած փակուղային իրավիճակին յանգեցուցած ձեւակերպումներու խնդիրը պէտք չէ Երեւանի գրասենեակի առաքելութեան երկարաձգման խոչընդոտ դառնայ:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն յաւելեալ կամք դրսեւորելու` կարելի եղածին չափ շուտ խնդիրին,  լուծում գտնելու ուղղութեամբ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.