2017-05-06 13:01:00

Ֆրանչիսկսո Պապ ընդունեց Զուիցերիոյ համադաշնութեան նախագահ ՝ Տիկին Տորիս Լէութարտը


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց, թէ` այսօր շաբաթ 6 մայիս 2017-ին , Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զուիցերիոյ  համադաշնութեան նախագահ ՝ Տիկին Տորիս Լէութարտը։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետութիւններու  հետ յարաբերութեան  բաժանմունքի քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակերի հետ։ 

Վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած   հանդիպումին ընթացքին, Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամներուն երթման արարողութեան առիթով, յիշելէ անդին  Զուիցերական պահակագունդի Վատիկանի պետութեան  ընծայած վեհանձն ծառայութիւնը,  ընդգծուած է նաեւ միասնական փափաքը՝ աւելիով ամրապնդելու Սուրբ Աթոռի եւ Զուիցերիոյ միջեւ բարի յարաբերութիւնները ու զարգացնելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ համագործակցութիւնը։

Շօշափուեցան ապա երկուստեք հետաքրքրող զանազան հարցեր , ինչպէս Եւրոպական ցամաքամասի ապագան, գաղթականներու հիւրընկալութիւն,    երիտասարդներու աշխատանքի հայող մարտահրաւէրը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու բնապահպանութեան ի սպաս յանձնառումը








All the contents on this site are copyrighted ©.