2017-05-06 10:22:00

Մայր Աթոռը հնգեակ ունեցած ընտանիքին 4 սենեակնոց բնակարան պիտի տայ


Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Մայիս 3ին, նորածին հնգեակի ծնողքին՝ Կարապետեան ընտանիքին, պիտի նուիրէ 4 սենեակնոց բնակարան: Այս մասին «Թերթ»ին յայտնած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի մամլոյ խօսնակ Վահրամ քհնյ. Մելիքեան:

«Հայոց եկեղեցին միշտ ուշադրութիւն կը դարձնէ բազմազաւակ ընտանիքներու խնդիրներուն՝ ջանալով հոգեւոր խնամքէն բացի, կարելի եղածին չափ, նաեւ նիւթապէս սատարել անոնց: Տեղեկանալով մեր ժողովուրդին հինգ զաւակներ պարգեւած ընտանիքի բնակութեան պայմաններուն մասին՝ հայոց հայրապետը որոշում կայացուց աջակցութիւն ցուցաբերելու անոնց եւ նպաստելու փոքրիկներուն խաղաղ ու անվրդով մանկութեան», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 3ին, Էրեբունի բժշկական կեդրոնին մէջ ծնած է հնգեակ մը՝ 4 աղջիկ, 1 տղայ:  Կարապետեաններու ընտանիքը կ՛ապրի վարձով, իսկ նախապէս ապրած է հանրակացարանի մը մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.