2017-05-05 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Հռոմի Ռումանացիներու քահանայապետական վարժարանին անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 5 մայիս 2017-ին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկսո Պապ, Հռոմի  Ռումանացիներու Քահանայապետական  վարժարանի հիմնադրութեան 80-րդ ամեակին առիթով ընդունեց վարժարանի աւելի քան 40 անդամները։

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը Ռումանացիներու վարժարանի անդամներուն մաղթեց, որ  անոնք պահպանեն իրենց նախահայրերուն յիշատակը եւ  մշակեն յոյսը ։     

 Խօսելով յիշատակի պահպանութեան մասին Սրբազան Հայրը  ակնարկեց,  թէ Ռումանացիներու Քահանայապետական վարժարանը հիմնուած է այն ժամանակաշրջանին՝ ուր Արեւելեան կաթողիկէ հասարակութիւնները ենթարկուած էին  անաստուածներու հալածանքներուն,  ապա

հրաւիրեց լաւապէս պահպանել նախնիներուն  հաւատքի  վկայութիւնները,  ոչ թէ  անցեալին կառչած մնալու համար այլ՝ այն  դէպքերը ապրելով  որպէս աւելի մեծ պատմութեան ընդգրկում որ միշտ բաց կը մնայ Սուրբ Հոգիի ներգործութիւններուն։

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ապա  աղօթքի  եւ ուսումի միջոցաւ անցեալի յիշատակները նկատուին որպէս գանձ  հաստատելով որ աշակերտներուն Հռոմ կեցութիւնը թանկարժէք հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ շնչելու համար եկեղեցւոյ  տիեզերականութեան հոգին ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապի  մաղթեց որ Քահանայապետական Ռումանացի ապագացու քահանաները յոյսի մշակողներ դառնան , դիտել տալով որ ժամանակակից  աշխարին մէջ շատ կարիքը կը զգացուի քրիստոնէական յոյսի ուժեղացման,  այն յոյսը զոր նոր հայեացք կը պարգեւէ,  կարող    բացայայտելու եւ տեսնելու բարին,  նոյնիսկ եթէ ան մթագնուած է  չարէն։

Սրբազան Հայրը մէջբերեց ապա Գործ Առաքելոց թուղթի մէջ ամփոփուած Յարուցեալին նկատմամբ առաքեալներու վստահութիւնը ու հաստատեց թէ  եկեղեցին միշտ յոյսով ապրեցաւ  Յարուցեալ Յիսուսը,  աղօթքի, հաղորդութեան ու սիրոյ ներգործութիւններու մէջ, եւ թէ ան երբեք չի կորսնցներ այդ յոյսը ու  զայն կը շարունակէ շնորհել աշխարհին նոյնիսկ երբ եկեղեցին զուրկ է միջոցներէ ու խոչընդոտներ կան անոր առջեւ.։   

Սրբազան Հայրը ապա մաղթեց ներկաներուն,  որ իրենց  բնակավայրը վերածուին վերնատունի,    ուր Սուրբ հոգին պատրաստէ  յոյսով դրոշմուած   միսիոնարներ, Յարուցեալի ներկայութեան քաջարի վկաներ։ Սուրբ Հոգին ձեր մէջ արծարծէ իղձը բիւրեղացած սրտով որոնելու ու զարգացնելու, հաշտութեան ու միութեան ճանապարհը համայն քրիստոնեաներու միջեւ ըսաւ ապա քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց ակնարկելով նաեւ ''Սուրբ ՝՝ԷՖրեմի'' անուան վարժարանի սաներուն,  որոնք ներկայ էին ունկնդրութեան ապա իր ողջոյնի խօսքը ուզեց ընդլայնել բոլոր ներկաներու ծնողաց եւ ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ անոնց որոնք շատ անգամ ստիպուեցան թողուլ իրենց օճախները փախչելու համար բռնութիւններէն։ Յիսուս որ է ապաստանարան թող յոյս ներշնչէ սրտերուն ու մտքերուն որպէսզի անոնք բացուին հաշտութեան ու բարիին ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով իր ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.