2017-05-05 08:28:00

Պոլսահայութիւնը նշեց Գալֆայեան վարժարանի 150-ամեակը


Պոլսահայ համայնքը նշած է Գալֆայեան հայկական վարժարանի հիմնադրման 150-ամեակը, կը յայտնէ «Ակօս»-ը:

Ձեռնարկի ժամանակ վարժարանի սաները ներկայացած են հայկական աւանդական տարազներով, որոնք կը պատկանին պոլսահայ ոճաբան Ժուլիա Մութլուի հաւաքածուին. հաւաքածուն նախապէս ցուցադրուած է նաեւ Գերմանիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Երեկոյի ընթացքին ցուցադրուած է նաեւ Գալֆայեան վարժարանի հիմնադրման ու գործունէութեան մասին պատմող  յատուկ տեսանիւթ մը:

«Այսօր Գալֆայեանը միակ վարժարանն է, որ բացի պոլսահայ աշակերտներէն` կ՛ընդունի Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր ծայրերէ հասած բազմաթիւ հայ երեխաներ` իբրեւ գիշերօթիկ դպրոց: Գալֆայեանը անոնց համար իրենց հայկական ինքնութեան, մշակոյթի եւ լեզուի բացայայտման բոյնն է», – “Թերթ․ամ”-ի փոխանցմամբ՝ իր խօսքին մէջ նշած է վարժարանի մանկատան հիմնադրամի նախագահ Դիանա Քամփարոսեան:

Վարժարանը հիմնադրուած է Ներսէս վարժապետի եւ Սրբուհի Գալֆայեան մայրապետի ջանքերով, ինչպէս Կ. Պոլսի Հայոց պատրիարքարանի արխիւներուն մէջ կը նշուի` հիմնադրուած է «հայ որբերու կրթութեան եւ ապահովութեան համար»:

Գալֆայեան վարժարանը Կ. Պոլսոյ հայ համայնքին պատկանող 4 հաստատութիւններէն մէկն է` Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի, Գարակէոզեան եւ Ազգային վարժարաններու հետ միասին (Պոլսոյ մէջ գործող միւս 13 հայկական վարժարանները մասնաւոր են):

2000-ականներու սկիզբը, երբ Սքիւտար թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուի Քալֆայեան վարժարանը, հայ համայնքը աւելի նօսրացաւ, որոշուեցաւ, որ թաղամասի չորս հայկական վարժարաններէն աւելի կարեւոր է Գալֆայեանի դերը, եւ Սքիւտարի Ներսէսեան, Երմոնեան, Սեմիրջեան վարժարաններու փակուելէն ետք բոլոր աշակերտները տեղափոխեցին Գալֆայեան: Սակայն, քանի որ Գալֆայեան վարժարանը ունէր ոչ այնքան լաւ շէնք, վարժարանի ամբողջ անձնակազմը տեղափոխուեցաւ յայտնի Բալեան ընտանիքի կառուցած Սեմիրջեան վարժարանի շէնք` պահպանելով Գալֆայեան անունը:








All the contents on this site are copyrighted ©.