2017-05-04 10:57:00

Կիրակի 7 Մայիսին Ֆրանչիսկոս Պապ 10 նոր քահանաներ կը ձեռնադրէ։


 

(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 7 մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը՝ 9.15-ին, կոչումներուն համաշխարհային աղօթքի 54-րդ օրուան առիթով, սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայաետ կը նախագահէ սուրբ պատարագի արարողութեան որուն ընթացքին 10  սարկաւագներ քահանայ կը ձեռնադրէ ։

Ապագացու քահանաներէն վեց սարկաւագներ կը պատկանին Հռոմի թեմին, որոնք  իրենց հոգեւոր կազմաւորումը ստացած են Քահանայապետական ''Ռոմանօ Մաճորէ'' դպրեվանքին եւ Հռոմի թեմի Միսոնարական թեմական ''Ռետմթորիս Մաթեր'' վարժարանին մէջ։

Արարողութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս  Պապի  հետ  կը համապատարագէ Հռոմի թեմի տեղակալ՝ կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինի։

Կոչումներուն համար համաշխարհային աղօթքի 54 օրուան առիթով, որ ամէն տարի կը զուգադիպի Սուրբ Զատկուան չորրորդ կիրակի օրը, Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինի,  Հռոմի Լատերանեան  Սուրբ Յովհաննէսի մայր տաճարին մէջ կը նախագահէ կոչումներուն համար աղօթքի հսկումի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ Հռոմի դպրեվանքերուն  տեսուչներուն եւ ժողովրդապետութիւններուն  Հռոմի թեմի պատկան  վերոյիշեալ սարկաւագներուն, որոնք 7 մայսին քահանայ կը ձեռնադրուին ձեռամբ Ֆրանչիսկոս Պապին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.