2017-05-03 09:34:00

Հայաստանի մէջ հնագիտութեան վերջին իրագործումներուն նուիրուած գիտաժողով UCLA-ի մէջ


Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) հնագիտութեան «Քոթսեն» հիմնարկին, Շաբաթ, Մայիս 13-ին, համալսարանի «Եանկ» գրադարանի գլխաւոր սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ վերջին տասնամեակին Հայաստանի մէջ արձանագրուած հնագիտական իրագործումներուն նուիրուած գիտաժողով մը, որ պիտի հանդիսանայ Համբարձում եւ Ովսաննա Չիթճեաններու անուան հայագիտական երրորդ գիտաժողովը։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Միօրեայ գիտաժողովին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Պորիս Գասպարեան, Արթուր Պետրոսեան, դոկտ. Արսէն Բոբոխեան, դոկտ. Միքայէլ Բադալեան եւ դոկտ. Մկրտիչ Զարդարեան։

Բանախօսները պիտի ներկայացուին համալսարանին մէջ գործող Հայկական հնագիտական ուսումնասիրութեանց ծրագիրի եւ հայագիտութեան «Նարեկացի» ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Փիթըր Քաուիի կողմէ։ Բարի գալստեան խօսքեր պիտի արտասանեն նաեւ «Քոթսեն» հիմնարկի վարիչ փրոֆ. Վիլքէ Ուենտրիչ եւ համալսարանի

Ափրիկեան մշակութային հնագիտութեան բաժանմունքի վարիչ Ճօէն Սիլսպի։

Գիտաժողովը, որուն մուտքը ազատ է, պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, իսկ գրադարանին ամենամօտիկ կանգառներն են թիւ 4-ն ու 5-ը։

Յիշեցնենք, որ համալսարանի Հայկական հնագիտական ուսումնասիրութեանց ծրագիրը հաստատուած է 2013-ին, շնորհիւ Զարուհի Սառա Չիթճեանի եւ «Քոթսեն» հիմնարկի երկարամեայ գործակցութեան, իսկ Համբարձում եւ Ովսաննա Չիթճեաններու անուան հայագիտական գիտաժողովները կը կայանան 2013-էն ի վեր, ի յիշատակ Զարուհի Սառա Չիթճեանի ծնողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.