2017-05-03 09:21:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Յամառութիւնը Մահուան Նախադուռն Է

Ամէն մարդ տրամադիր է ճշմարտութեան սեփականատէրը դառնալու, յայտարարելով, թէ ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ միայն իր մօտ կը գտնուի: Զարմանալի  է սակայն, որ ճշմարտութիւնը սեփականացնելու ջերմ փափաք ունեցողներէն ոչ ոք պատրաստ է անոր «գինը» վճարելու: Աւետարանին մէջ արձանագրուած Յիսուսի մտածողութիւնը ճշմարտութեան մասին յստակ ուղղութիւն մը ունի: Այնտեղ նշուած է նախ՝ ճշմարտութեան բացարձակ հանգամանքը, որ Աստուծոյ կերպարով ներկայացուած է. բացարձակ ճշմարտութիւնը Աստուած Ի՛նք է: Բնականօրէն, այս կեանքի մէջ ալ կան ճշմարտութեան չափանիշներ, սակայն բոլորն ալ յարաբերական են: Ճշմարտութիւն՝ յարաբերաբար տուեալ երեւոյթի մը:

Իրենց լսածն ու գիտցածը բացարձակ ճշմարտութիւն ճանչնալէ բացի, ոմանք կը պնդեն անոր վրայ, առանց նկատի ունենալու այլոց կարծիքը այդ մասին: Երկու տարբեր կերպերով կը կիրարկուի այս. առաջին՝ տգիտօրէն, եւ երկրորդ՝ գիտակցաբար: Երկու պարագաներուն ալ, կիրարկուած արարքը յամառութիւն բառով ծանօթ է: Երկուքին միջեւ կան տարբերութիւններ, որոնք թէպէտ աննշմարելի են, սակայն որոշ գունաւորում մը կու տան յամառութեան տուեալ տեսակին:

Բոլորին ծանօթ կենդանիի մը բնազդային մէկ յատկանիշը նկատի ունենալով, զայն յամառութեան բացառիկ օրինակ իբրեւ կը մէջբերեն յաճախ: Էշն է այդ կենդանին, եւ իշուն յամառութիւնը միշտ ալ չափանիշ նկատուած է, նոյն կացութեան մէջ գտնուող ոեւէ մէկը ներկայացնելու պարագային: Ընդհանրապէս առակագիրներ բնութեան, կենդանական աշխարհին ու շրջապատի երբեմն անկենդան իրերու կարգ մը յատկանիշերը կը համեմատեն մարդկային սովորութիւններուն հետ. այսպէս, տգեղ տեսք ու ձայն ունեցող մարդը կը համեմատուի ագռաւին հետ: Խաբեբան՝ աղուէսին հետ, ծաղրածուն՝ կապիկին հետ, հսկան՝ փիղին հետ, եւայլն: Անշուշտ լաւ յատկանիշներն ալ նկատի կ’առնուին, մարդոց լա՛ւ յատկութիւնները մատնանշելու համար: Վատ սովորութիւններու շարքին կը յիշուի էշը, իր չափազանց յամառութեան պատճառաւ:

Յամառութիւնը երկու տեսակ է.

Առաջին տեսակը, որ տգիտօրէն կիրարկուող յամառութիւնն է, աւելի զօրեղ ու անյետադարձ տեսակն է այս ախտին, որ միաժամանակ ինքնակործան է: Երկրորդ՝ գիտակցաբար իր յամառութիւնը կիրարկողը վատագոյն է, քան առաջինը: Ճիշդ է, առաջինը աւելի զօրեղ է, որովհետեւ տարբեր ընելիք չկայ անոր համար, բայց միայն իր գիտցածին վրայ պնդել: Մինչ գիտակցաբար յամառ եղողը կրնայ թերեւս պահ մը լսել ուրիշներուն ըսածը, առանց սակայն գործադրելու զայն:

«Սեւին սապոնն ինչ կ’անի, խեւին խրա՛տը» առածը արդէն հանրածանօթ է: Բարեբախտաբար անցեալին չկային այսօրուան ցեղային հաւասարութեան պաշտպանները, այլապէս սոյն առածին հեղինակը թերեւս խարոյկի կը դատապարտէին, անոր մէջ ցեղային խտրականութիւն տեսնելով:

Սեւամորթը ինչքան ալ օճառ գործածէ, մորթին գոյնը պիտի չկարենայ սպիտակացնել, իսկ անխելքին տրուած խրատը օգուտ մը կրնա՞յ ունենալ: Յամառութիւնն ալ անխելքութեան համազօր երեւոյթ մըն է: Առակներու գիրքին հեղինակը, կեանքի փորձառութեամբ հարուստ, հետեւեալ հաստատումը կը կատարէ. «Իմաստունին խրատ տուր, եւ աւելի՛ իմաստուն պիտի ըլլայ. արդար մարդուն սորվեցուր, ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ» (Առ. 9.9): Իսկ այլ տեղ մը դարձեալ կ’ըսէ. «Խրատ մերժողը իր հոգին կ’անարգէ. բայց յանդիմանութիւն մտիկ ընողը խելք կը վաստկի» (Առ. 15.32):

Յամառութիւնը մահուան նախադուռն է: Սովորական հաստատում մը չէ՛ այս: Որովհետեւ մտածել կու տայ այն մեծ սխալին՝ յամառութեան մասին, զոր գործադրելով, մարդ մահուան կ’առաջնորդուի: Յամառութիւնը դէպի «անձնասպանութիւն» առաջնորդող ճամբան ըլլալով, կը դառնայ նախադուռը մահուան:

Բոլոր ադամորդիները երկու ականջ ունին իրենց գլխուն աջ ու ձախ կողմերուն ամրացուած: Ոմանք միայն բամբասանք կը սիրեն լսել ու ատով ալ կը հաճոյանան: Այդպիսիներուն մօտ աւելի յաճախ նկատելի է յամառութեան երեւոյթը, երբ իրենց ատած անձին մասին բացայայտուող ճշմարտութիւնը չեն ուզեր գիտնալ: Այլ յամառօրէն կը շարունակեն պնդել իրենց տեսակէտը անոր մասին, որ կրնայ սխալ ըլլալ: Աւելի՛ դրական պիտի ըլլար այդ ականջները բանա՜լ, ո՛չ թէ բամբասանքի ունկնդրութեան, այլ իրենց յամառութիւնը նուազեցնելու համար…:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.