2017-05-02 10:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 1 մայիս 2017-ի թուիթը՝ Սուրբ Յովսէփի տօնին առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 1 մայիս 2017-ին, Սուրբ Յովսէփին տօնին առթիւ,  Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթը մը, որուն մէջ Սուրբ Յովսէփէն հայցեց , որ երիտասարդներուն շնորհէ երազելու եւ վեհանձն գործերու համար արկածախնդրութեամբ դիմելու կարողութիւնը ։ 

՝՝Ով Սուրբ Յովսէփ,  երիտասարդներուն շնորհէ երազելու կարողութիւնը, վեհանձն բաներու համար ՝ վտանգը դիմագրաւելու կարողութիւնը, այն վեհանձն  բաները զոր Աստուած մեզի համար կ՝երազէ։ գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր թուիթին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.