2017-05-02 10:57:00

Սուրիահայութեան օժանդակելու դրամահաւաք Պելճիքայի մէջ


Պրիւքսէլի մէջ Հայ առաքելական Սուրբ Մարիամ Մագտաղենացի եկեղեցւոյ մէջ, Մայիս 1-ին իրականացաւ սուրիահայութեան օժանդակելու դրամահաւաք: Այս մասին կը յայտնէ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան։
 
Սուրիահայութեան աջակցութեան ուղղուած դրամահաւաքին միացած են Պելճիքայի մէջ գործող գրեթէ բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները: Ներկայ եղած են Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Հալէպի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան:
 
«Դրամահաւաքը նպատակ ունի սուրիահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները ներկայացնելու Պրիւքսէլի հայ համայնքին: Սրբազան հայրը ներկայացուցած էր կրօնական առումով իրենց ակնկալիքները, թէ այժմ ի՞նչ կարելի է ընել սուրիահայութեան համար: Կարօ Իւզպաշեան, իր հերթին, ներկայացուցած էր սուրիահայութեան խնդիրները: Պելճիքայի հայ համայնքը, այսպիսով, փորձեց նիւթական օժանդակութեամբ օգնել սուրիահայերուն»,- նշեց Պետօ Տէրմիրճեան:
 
Հաւաքուած գումարը, ըստ իրեն, սուրիահայերուն պիտի հասնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին միջոցով, որ լաւ ծանօթ է սուրիահայերու խնդիրներուն:
 
«Հայ համայնքին հետ հանդիպումէն բացի, կ՝ակնկալուին նաեւ քաղաքական հանդիպումներ: Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Կարօ Իւզշաշեան Մայիս 2-ին եւ 3-ին պիտի մասնակցին Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հանդիպումներուն. պիտի հանդիպին Պելճիքայի դաշնային եւ շրջանային մակարդակի խորհրդարաններու ներկայացուցիչներու հետ, նախատեսուած է հանդիպում Եւրոխորհրդարանի պատասխանատուներու հետ՝ նպատակ ունենալով իրազեկել սուրիահայերու խնդիրներուն մասին»,- ընդգծեց Պետօ Տէմիրճեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.